Ալէն Սիմոնեան Դեկտեմբերին պիտի այցելէ Ազերպայճան, բայց ոչ Պաքու

Սիմոնեան -Հաճիեւ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալէն Սիմոնեան Նոյեմբեր 19-ին յայտարարեց, որ Դեկտեմբերին նախատեսուած է իր այցելութիւնը Ազերպայճան՝ իբրեւ պատասխան այցելութիւն Ազերպայճանի նախագահի արտաքին քաղաքական հարցերու խորհրդական Հիքմէթ Հաճիեւի՝ Հայաստան կատարած այցելութեան։

Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Սիմոնեան յստակացուց, որ հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ Պաքուի մէջ, սակայն չբացայայտեց անոր ճշգրիտ թուականն ու վայրը։ Անոր համաձայն՝ քննարկումները պիտի վերաբերին երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան, արհեստագիտական հարցերու եւ խաղաղութեան գործընթացին առնչուող խնդիրներու։

Յիշեցնենք, որ Հիքմէթ Հաճիեւ Յունիս 14-ին այցելած էր Հայաստան եւ Դիլիջանի մէջ հանդիպած՝ Անվտանգութեան խորհուրդի այն ժամանակուան քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։ Երկու պաշտօնատարները քննարկած էին հայ-ազերպայճանական խաղաղութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր։

Ալէն Սիմոնեան եւ Հիքմէթ Հաճիեւ այնուհետեւ հանդիպումներ ունեցած էին Սեպտեմբերին՝ Պիշքէքի եւ Նոյեմբեր 12-ին՝ Տապլինի մէջ, շարունակելով երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման շուրջ քննարկումները։

Սիմոնեան յայտնեց նաեւ, որ Նոյեմբերի աւարտին, «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս, ազերպայճանական հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ պիտի այցելեն Հայաստան։

Soutenez NH