Փաշինեան պարզաբանած է, թէ ինչո՛ւ Հայաստան չստորագրեց Տապլինի հռչակագիրը

Փաշ

Վարչապետ Փաշինեան Նոյեմբեր 18-ին յայտարարած է, որ Հայաստան չէ միացած Տապլինի մէջ ընդունուած «Եւրոպական անվտանգութեան հիմնական սկզբունքներու մասին» հռչակագրին՝ ՕԹԱՆ-ի վերաբերող բազմաթիւ յղումներուն պատճառով։

Խորհրդարանին մէջ պատասխանելով երեսփոխան Վոլոտիա Յակոբեանի հարցումին, Փաշինեան բացատրած է, որ իր այս դիրքորոշումը բացայայտօրէն ներկայացուցած է եւրոպացի գործընկերներուն։

“Մենք Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթաց սկսած ենք, բայց մեր քաղաքականութեան մէջ ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու որոշում կամ նման նպատակ չունինք”,– յայտարարած է ան։

Վարչապետը շեշտած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը յստակ տարբերութիւն կը դնէ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան եւ ռազմաքաղաքական դաշինքի մը մաս կազմելու միջեւ։

“Մենք ըսած ենք՝ Եւրոպական Միութիւն՝ այո՛, բայց ռազմաքաղաքական դաշինքի տրամաբանութեամբ քաղաքականութիւն չենք որդեգրեր։ Ա՛յդ է պատճառը, եւ մեր գործընկերները ըմբռնումով մօտեցած են”,– աւելցուցած է Փաշինեան՝ նշելով, որ հռչակագրին միւս բաժինները ընդունելի եւ ծանրակշիռ բովանդակութիւն ունէին։

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ պատրաստուած հռչակագիրը ընդունուած էր Նոյեմբեր 12-ին՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի Տապլինի վեհաժողովին ծիրէն ներս։ Հայաստան եւ Ազերպայճան չէին միացած զայն ստորագրած 41 պետութիւններուն։

Soutenez NH