Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մայիս 3-ին ընդունած է Հօ-տը-Ֆրանսի շրջանային խորհուրդի նախագահ Զաւիէ Պերթրանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Վարչապետը ողջունած է պարոն Պերթրանի այցը եւ Վայոց Ձորի մարզին հետ համագործակցութեան զարգացման փաստաթուղթին ստորագրութիւնը, որ պիտի նպաստէ երկու երկիրներու միջեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան ընդլայնումին: Միաժամանակ, վարչապետը ընդգծած է ֆրանսական կողմին օժանդակութիւնը՝ Հայաստանի զարգացման ու բարեփոխումներու ծրագրի իրականացման գործին մէջ:
Ֆրանսացի դիւանագէտը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ աւելցուցած, թէ Վայոց Ձորի մարզին հետ ունին կապերը ընդլայնելու յստակ ծրագրեր, զանազան բնագաւառներու մէջ: Ան ներկայացուցած է Վայոց Ձոր եւ յատկապէս Ջերմուկ կատարած իր այցելութեան տպաւորութիւնները։