Աթէնք – Աքրոփոլիսի թանգարանը կը ներկայացնէ «Հին Հայաստան» ցուցահանդէսը

Յունաստան 4_IMAGE GALLERY_800X660_1

Աթէնքի Աքրոփոլիսի թանգարանին մէջ Նոյեմբեր 20-ին պիտի բացուի «Հին Հայաստան» խորագրով ցուցահանդէս մը, որ շուրջ 200 հնագիտական եւ արուեստի նմուշներու միջոցով պիտի ներկայացնէ Հայաստանի բազմադարեան պատմութիւնն ու մշակութային ժառանգութիւնը։

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին հետ գործակցաբար կազմակերպուած ցուցահանդէսը պիտի ընդգրկէ նախապատմական շրջանէն մինչեւ միջնադար երկարող ժամանակաշրջանը՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով նախաքրիստոնէական Հայաստանին եւ Ուրարտուի թագաւորութեան։ Ներկայացուելիք նմուշները լոյս պիտի սփռեն նաեւ Հայկական լեռնաշխարհի՝ Մերձաւոր Արեւելքի, Կիպրոսի, Կրետէի եւ Եգէականի հին քաղաքակրթութիւններուն հետ մշակութային կապերուն վրայ։

Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտչեան յայտնած է, որ ցուցահանդէսին նուիրուած ծանուցումները պիտի տեղադրուին Աթէնքի միջազգային օդակայանին եւ մայրաքաղաքի մեթրոյի կայարաններուն մէջ՝ ամբողջ տեւողութեան ընթացքին։

Ցուցահանդէսը, որ մաս կը կազմէ Աքրոփոլիսի թանգարանին նախաձեռնած՝ հին քաղաքակրթութիւնները ներկայացնող նոր շարքին, բաց պիտի մնայ մինչեւ 2027 Փետրուար 28։ Մուտքը ազատ է։