Անգլերէնի իմացութեան մակարդակով Հայաստան աշխարհի 45-րդ դիրքը կը գրաւէ
Հայաստան 45-րդ դիրքը կը գրաւէ անգլերէնի իմացութեան մակարդակի 2026-ի համաշխարհային դասաւորման մէջ, զոր հրապարակած է Education First (EF) միջազգային կրթական կազմակերպութիւնը։
EF English Proficiency Index (EF EPI) տարեկան ցուցանիշը կը գնահատէ անգլերէնի իմացութեան մակարդակը այն երկիրներուն մէջ, ուր անգլերէնը պաշտօնական լեզու չէ։
2026-ի դասաւորման մէջ, որ կ՚ընդգրկէ 117 երկիր եւ տարածք, առաջին դիրքը կը գրաւէ Շուէտը։ Հայաստան 519 միաւորով կը գտնուի 45-րդ դիրքին վրայ։
Տարածաշրջանի երկիրներուն մէջ Վրաստան կը գրաւէ 32-րդ, Ռուսաստան՝ 49-րդ, Թուրքիա՝ 66-րդ, իսկ Ազերպայճան՝ 85-րդ դիրքը։
Ամէն տարի հրապարակուող EF EPI ցուցանիշը կը հիմնուի չափահաս անձերու անգլերէնի իմացութեան գնահատման արդիւնքներուն վրայ։

