Նոյեան տապանի որոնումներուն ընթացքին յայտնաբերուած փայտի կտորները շուրջ 4300 տարեկան են
Թուրքիոյ Արարատ (Աղրը) լեռան մերձակայքը՝ Տողուպայազիտի շրջանի Տուրուփընար կոչուող վայրին մէջ կատարուած հետազօտութիւններուն ընթացքին յայտնաբերուած փայտի եւ ածխացած նիւթերու նմուշները, ըստ Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած նախնական տարրալուծումներուն, կը պատկանին Ք.ա. 2400-2200 թուականներուն։
Նոյեան տապանի հաւանական հետքերու որոնման նպատակով, Յունիս 28-էն Սեպտեմբեր 30, հինգ երկիրներէ շուրջ 20 հետազօտողներ մասնակցած են աշխատանքներուն՝ օգտագործելով երկրաբանական, երկրաբնագիտական եւ հնագիտական ուսումնասիրութեան միջոցներ։ Յայտնաբերուած նմուշները ածխածին-14-ի (carbone 14) եղանակով թուագրելու համար ուղարկուած են Միացեալ Նահանգներու եւ Զուիցերիոյ տարրալուծարաններ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ գիտական եւ արհեստագիտական հետազօտութիւններու խորհուրդին (TÜBİTAK)։
Սվազի Հանրապետական համալսարանի հնագիտութեան դասախօս, փրոֆ. Ճենքեր Աթիլա յայտնած է, թէ ամերիկեան տարրալուծարանէն ստացուած առաջին արդիւնքները կը համապատասխանեն Նոյեան ջրհեղեղին համար կրօնական աղբիւրներուն մէջ նշուած ժամանակաշրջանին։ Ան աւելցուցած է, որ հետազօտողները կը սպասեն Զուիցերիոյ եւ TÜBİTAK-ի տարրալուծումներու արդիւնքներուն՝ վերջնական գնահատում կատարելու համար։
Այսուհանդերձ, նմուշներուն տարիքը ինքնին չի հաստատեր, թէ Տուրուփընարի մէջ յայտնաբերուածը Նոյեան տապանի մնացորդացն է։

