Եւրոպական Միութիւնը հաստատեց ռուսական կազի ներածման ամբողջական արգիլման առաջարկը

Screenshot

Screenshot

Եւրոպական Միութեան խորհուրդը Յունուար 26-ին հաստատեց դաշինքի երկիրներուն կողմէ ռուսական կազի ներածումէն ամբողջովին հրաժարելու մասին որոշումը։

Խնդրոյ առարկայ նախագիծին համաձայն՝ ԵՄ-ի անդամ պետութիւններուն կողմէ ռուսական կազի ներածման վերջին պայմանաժամ սահմանուած է 2027 Նոյեմբեր 1-ը։

Նախագիծին դէմ արտայայտուած են ԵՄ-ի անդամ երկիրներէն երկուքը՝ Հունգարիան եւ Սլովաքիան։ Հունգարիոյ կառավարութիւնը արդէն իսկ յայտարարած է, թէ ԵՄ-ի խորհուրդի այս որոշումը պիտի բողոքարկէ Եւրոպական դատարանին մէջ։

Այս պահուն Ռուսաստան կը մատակարարէ ԵՄ-ի տարածքին մէջ սպառուող կազին 13 առ հարիւրը։ Մինչեւ Ուքրաինայի պատերազմին սկիզբը, ռուսական կազի մասնաբաժինը եւրոպական շուկային մէջ կը հասնէր 40 առ հարիւրի։

Անհրաժեշտ է ընդգծել, սակայն, որ վերոնշեալ 13 առ հարիւրը կը ցոլացնէ միայն պաշտօնական տուեալները։ Գաղտնիք չէ, որ պատիժներու հաստատումէն ի վեր Մոսկուա որդեգրած է զանազան շրջանցիկ ճամբաներ։ Օգտուելով Ազերպայճանի նման պատեհապաշտ գործընկերներու ծառայութիւններէն՝ Ռուսաստան կը յաջողի անուղղակի միջոցներով շարունակել իր արտածումները, որքան ալ չըլլան նախկին ծաւալներով։