Միացեալ Թագաւորութիւնը մաքսատուրքէ զերծ կը կացուցէ հայկական շարք մը ապրանքներ
Միացեալ Թագաւորութիւնը որոշած է մաքսատուրքէ զերծ կացուցել հայկական շարք մը ապրանքներու ներածումը։ Այս մասին Նոյեմբեր 4-ին յայտնած է Հայաստանի Արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան։
Նոր արտօնութենէն պիտի օգտուին թարմ պտուղները՝ ծիրան, խաղող, դեղձ, նեկտարին, խնձոր եւ տանձ, ինչպէս նաեւ չամիչը, զանազան անուշահոտ խոտաբոյսեր ու համեմունքներ։ Մաքսատուրքէ զերծ կացուցուող ապրանքներու ցանկին մէջ են նաեւ գարեջուրը, քոնեակն ու պրանտին։
Անի Բադալեանի համաձայն՝ այս որոշումը կը համապատասխանէ Հայաստանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան միջեւ հաստատուած ռազմավարական գործակցութեան եւ նպատակ ունի ընդլայնել հայկական արտադրութեան արտածման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ ամրապնդել երկու երկիրներուն տնտեսական կապերը։
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբերին Եւրոպական Միութիւնն ալ սկսած էր մաքսային արտօնութիւններ տրամադրել Հայաստանէն ներածուող բազմաթիւ ապրանքներու՝ երկու տարուան ժամանակաշրջանի մը համար։
