Վենս Պաքուի մէջ քննարկած է բանտարկեալներու ազատ արձակման հարցը

Վենս- Ալիեւ

Ճէյ.Տի. Վենս, Փետրուար 11-ին Պաքուի մէջ քննարկած է բանտարկեալներու ազատ արձակման հարցը։ Այս մասին Իլհամ Ալիեւի հետ անոր հանդիպումէն ետք յայտնած է ԱՄՆ-ու փոխնախագահի մամլոյ բանբերը։

«Նախագահ Ալիեւը եւ փոխնախագահ Վենսը քննարկած են նախագահ Թրամփի՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու նախաձեռնութեան յաջորդ քայլերը։ Անոնք կեդրոնացած են առեւտուրի եւ բարգաւաճման, արհեստագիտութիւններու եւ դիւանագիտական կապերու վրայ, նաեւ խօսած են յաջորդ քայլերուն մասին, այդ կարգին՝ Միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման Թրամփի ուղիին (TRIPP) համար պայմանագրերու կնքման եւ արտօնութիւններու, ինչպէս նաեւ վստահութեան ամրապնդման միջոցներու, ի շարս որոնց՝ բանտարկեալներու ազատ արձակումը, ամերիկեան ներդրումները եւ տարածաշրջանային տնտեսական համարկումը»,– հաղորդած է փոխնախագահի բանբերը։

Ամերիկեան կողմը, սակայն, չէ մանրամասնած, թէ ինչ արձագանգ եղած է ազերպայճանական կողմէն, եւ թէ արդեօք որեւէ համաձայնութիւն գոյացա՞ծ է այս հարցով։

Ճէյ.Տի. Վենս Երեւանի մէջ, թռիչքէն առաջ խոստացած էր Պաքուի մէջ բարձրացնել հայ գերիներու հարցը։

***

Բացի վերոնշեալէն, Ալիեւ եւ Ճէյ.Տի. Վենս բանակցութիւններ ունեցած են երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան շուրջ եւ ստորագրած՝ կանոնադրական համաձայնագիր մը։

Ազերպայճանի նախագահը յայտնած է, թէ Պաքուն ու Ուաշինկթընը վեց ամիս աշխատած են այդ փաստաթուղթին վրայ։ Ալիեւ երախտագիտութիւն յայտնած է Թրամփ-Վենս վարչակազմին՝ Ազերպայճանի նկատմամբ «շատ դրական» վերաբերումին համար։ “Մեծ պատիւ է ըլլալ աշխարհի ամենահզօր երկրին ռազմավարական գործընկերը”,– յայտարարած է ան։

Վենս իր կարգին փոխանցած է նախագահ Թրամփի լաւագոյն մաղթանքները։ Ալիեւ ալ նշած է, որ վերջին վեց ամիսներուն երկու հանդիպում ունեցած է Տոնալտ Թրամփի հետ՝ ընդգծելով փոխադարձ շահերու առկայութիւնը։

Յատկանշական է, որ ԱՄՆ-ու փոխնախագահը, այս հանդիպումէն առաջ, լրագրողներու հարցումին, թէ արդեօք հանդիպման ընթացքին պիտի բարձրացնէ Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած տասնեակներով գործիչներու եւ լրագրողներու խնդիրը, չէ պատասխանած։ Ընդհակառակն, լրագրողները սրահէն դուրս հանելու ատեն Վենս եւ Ալիեւ ծիծաղած են։

Ըստ ազերպայճանական լրասփիւռներու, ստորագրուած ռազմավարական համաձայնագրին մէջ կը նշուի, որ Պաքուն եւ Ուաշինկթընը պատրաստ են համագործակցելու հանքային պաշարները «Միջին միջանցք»-ի միջոցաւ միջազգային շուկաներ տեղափոխելու գործընթացը դիւրացնելու ուղղութեամբ։ Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի նաեւ, որ կողմերը մտադիր են համագործակցիլ մարդասիրական ականազերծման ոլորտին մէջ՝ նիւթական աջակցութեան եւ արհեստագիտութիւններու փոխանցման միջոցաւ, նկատի ունենալով «այն լուրջ դժուարութիւնները, որոնք ծառացած են Ազերպայճանի առջեւ»։