Նիւ Եորքի հայութեան միջամտութեամբ՝ Շուշիի գրաւումը տօնող ազերպայճանական դրօշը վար առնուած է

Նիւ Եորք

Նիւ Եորքի հայ համայնքին եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին (ANCA) միջամտութիւններէն ետք, Նոյեմբեր 16-ին վար առնուած է Ազերպայճանի դրօշը, որ Նոյեմբեր 8-ին բարձրացուած էր Մանհեթընի Պոուլինկ Կրին հանրային պարտէզին մէջ՝ Պաքուի «Յաղթանակի օր»-ուան առիթով։ Այդ օրը Ազերպայճան կը տօնէ 2020-ի Արցախեան պատերազմին իր յաղթանակը, ներառեալ Շուշիի գրաւումը։

Դրօշի բարձրացման արարողութիւնը կազմակերպուած էր Ազերպայճանա-ամերիկեան երիտասարդական կազմակերպութեան կողմէ՝ ՄԱԿ-ի մէջ Ազերպայճանի մնայուն ներկայացուցչութեան եւ Սփիւռքի հետ աշխատանքի պետական կոմիտէի աջակցութեամբ։ Քաղաքային իշխանութիւնները արտօնած էին, որ դրօշը տասը օր ծածանի հանրային այդ տարածքին մէջ։

Հայ համայնքի բողոքներէն ետք, Հայ Դատի յանձնախումբը դիմած էր Նիւ Եորքի քաղաքապետարանին՝ պահանջելով դրօշին հեռացումը։

Ի պատասխան, քաղաքապետ Զոհրան Մամտանիի գրասենեակը վերահաստատած է հայ համայնքին նկատմամբ իր զօրակցութիւնը՝ յիշեցնելով քաղաքապետին Ապրիլ 24-ի յայտարարութիւնը, ուր ան շեշտած էր հայ ժողովուրդին ազատութեան, ապահովութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքը, ինչպէս նաեւ անդրադարձած՝ 2023-ին Արցախէն աւելի քան 100 հազար հայերու բռնի տեղահանութեան։

Շուշին, որ 2020-ի Նոյեմբերէն ի վեր կը գտնուի Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ, Արցախի պատմամշակութային կարեւոր կեդրոններէն մէկն է։ Քաղաքի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց մայր տաճարը 2020-ի պատերազմի ընթացքին երկու անգամ հրետակոծուած էր ազերպայճանական ուժերուն կողմէ։

Հայ Դատի յանձնախումբը դրօշին հեռացումը գնահատած է իբրեւ ամերիկահայութեան համախմբուած գործունէութեան յաջողութիւն։