Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Արմինիա էյրվէյզ»-ի օդանաւերէն մէկը կոչուած է 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած զինուորի մը անունով

«Արմինիա էյրվէյզ» ընկերութեան օդանաւերէն մէկը կոչուած է 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած զինուոր Գրիգոր Ղազարեանի անունով։

Լուրը հաղորդած է օդային ընկերութիւնը՝ Դիմագիրքի իր էջով։

«Գրիգը՝ ազգային մշակոյթի պաշտպաններէն էր, ձիավարժութեան մեծ սիրահար մը, ինչպէս նաև սկաուտական շարժումի աշխուժ մասնակից մը։ Անոր համակարգիչին մէջ գտանք ազգային ոճով նկարներ, հայ ազատամարտիկներուն նուիրուած նիւթեր և ամէնէն կարեւորը՝ հետեւեալ երկտողը.-

“Բոլոր սիրոյ դրսեւորումները, որոնց մենք կարող ենք հանդիպել մեր կեանքում, միայն հայրենիքն է, որ կարող է ներառել իր մէջ”,– նշուած է «Արմինիա էյրվէյզ»-ի գրառման մէջ։