Պատմական սրում Միջին Արեւելքի մէջ

Capture d’écran 2026-03-01 à 01.54.42

Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը լայնածաւալ յարձակում մը շղթայազերծեցին Իրանի դէմ

Միջին Արեւելքը այս շաբաթավերջին թաւալգլոր ինկաւ աննախադէպ տարողութեամբ ճգնաժամի մը մէջ: Շաբաթ, Փետրուար 28-ի կանուխ ժամերուն, ԱՄՆ-ն ու Իսրայէլը միացեալ լայնածաւալ ռազմական յարձակում մը շղթայազերծեցին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ՝ սկիզբ դնելով ողբերգական սրումի մը տարածաշրջանին մէջ: Գործողութիւնը, զոր Փենթակոնը անուանած է «Մեծագործ ցասում» (Epic Fury), իսկ իսրայէլեան բանակը՝ «Մռնչացող առիւծ» (Roaring Lion), ահռելի կրակային ուժ կեդրոնացուցած է: Աւելի քան 200 իսրայէլեան կործանիչներ, աջակցութիւն ստանալով ամերիկեան ռազմանաւերէն, որոնք «Թոմահոք» (Tomahawk) հրթիռներ եւ «ՀԱՅՄԱՐՍ» (HIMARS) համակարգեր կ՚արձակէին, հարուածեցին աւելի քան 500 թիրախներ երկրի ամբողջ տարածքին: Ռմբակոծումները կեդրոնացան ռազմական ենթակառոյցներու, հակաօդային պաշտպանութեան խարիսխներու, իրանեան հիւլէական ծրագիրի հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ Թեհրանի, Սպահանի, Ղոմի, Քարաժի եւ Քերմանշահի մէջ գտնուող կառավարական կենսական համալիրներու վրայ:

Այս յարձակումին քաղաքական նպատակը ստանձնուած է ամէնէն բարձր մակարդակով: Ամերիկայի նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն յայտարարեցին, որ կ՚ուզեն վերջնականապէս վերացնել իրանեան հիւլէական սպառնալիքը եւ քաջալերել վարչակարգի փոփոխութիւնը: Իր արտասանած ճառին մէջ Տանըլտ Թրամփ յորդորեց իրանցի ժողովուրդին «վերատիրանալ իր երկրին»: Այս ռազմական փոթորիկին կեդրոնը կը սաւառնի գլխաւոր անորոշութիւն մը. ամերիկեան եւ իսրայէլեան իշխանութիւնները հաստատեցին, որ Գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ Այաթոլլահ Ալի Խամենէին հաւանաբար սպանուած է իր գերապահովուած համալիրի քանդման ընթացքին: Այս տեղեկութիւնը պաշտօնապէս հերքուեցաւ Թեհրանի կողմէ. Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի վստահեցուց, որ երկրի բոլոր բարձրաստիճան ղեկավարները ողջ են:

Դէմ-յանդիման այս զանգուածային յարձակումին՝ Իրանի հակահարուածը եղաւ անմիջական եւ տարածուեցաւ ամբողջ Միջին Արեւելքի վրայ: Իրանեան զինեալ ուժերը շղթայազերծեցին հրթիռներու եւ անօդաչու սարքերու արձակման լայնածաւալ ալիքներ՝ թիրախաւորելով ոչ միայն իսրայէլեան տարածքը, յատկապէս Թել Ավիվի շրջանը, այլեւ ամերիկեան շահերն ու անոնց դաշնակիցները տարածաշրջանին մէջ: Թիրախ դարձան ռազմակայաններն ու այն երկիրներու տարածքները, որոնք կը հիւրընկալեն ամերիկեան ուժեր, ներառեալ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Պահրէյնը, Քուէյթը, Քաթարը, Յորդանանը, Իրաքն ու Սաուտական Արաբիան:

Մարդկային մակարդակի վրայ, առժամեայ հաշուեկշիռը արդէն իսկ ողբերգական է: Իրանեան Կարմիր մահիկը կը յայտնէ առնուազն 201 զոհի եւ շուրջ 750 վիրաւորի մասին: Երկիրը յատկապէս ցնցուած է Մինապի մէջ աղջիկներու նախակրթարանի մը հարուածէն, ուր տեղական իշխանութիւնները կը սգան առնուազն 85-էն աւելի քան 100 մանուկ աշակերտուհիներու կորուստը: Իսրայէլի մէջ, իրանեան հակահարուածի կրակոցները Թել Ավիվի շրջանին մէջ խլեցին կնոջ մը կեանքը եւ պատճառեցին շուրջ հարիւր վիրաւոր: Այս հարուածները նաեւ յարակից զոհեր խլեցին դրացի երկիրներուն մէջ. Ապու Տապիի մէջ բեկորներու պատճառով սպանուեցաւ քաղաքացիական անձ մը, իսկ Սուրիոյ Սուէյտա քաղաքին մէջ արձանագրուեցան չորս զոհեր:

Միջազգային մակարդակի վրայ ցնցումի ալիքը համատարած է: ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշ խստօրէն դատապարտեց ամերիկեան-իսրայէլեան հարուածներն ու իրանեան հակահարուածը՝ ահազանգելով միջազգային իրաւունքի աղաղակող խախտում մը, որ աշխարհը կը մղէ «անդունդի եզրին»: Մինչ Ապահովութեան խորհուրդի հրատապ նիստ մը գումարուած է, տարածաշրջանը ֆիզիքապէս կտրուած է աշխարհէն. Միջին Արեւելքի օդային տարածքներու գրեթէ ամբողջութիւնը փակուած է՝ աննախադէպ քաոս պատճառելով համաշխարհային քաղաքացիական օդագնացութեան եւ տարանցիկ օդակայաններուն մէջ անել կացութեան մատնելով հազարաւոր ճամբորդներ: