Տնակներու մէջ ապրողներուն կեանքը

Հայաստան կ՚ապրի իր խստագոյն ձմեռներէն մէկը։ Երկրին չորս անկիւններուն կը տիրապետեն ցուրտն ու բուքը։ 

Շիրակի մէջ այս տարի արձանագրուած է վերջին տարիներու ամենացուրտ ջերմաստիճանը՝ -37։ Սա, անշուշտ, մարզի մրցանիշը չէ, խորհրդային տարիներուն Ամասիայի մէջ -46 ալ եղած է։ Ցուրտը այս տարի իսկական «նուէր» էր Աշոցք հասած ձմեռնային ծայրայեղ մարզաձեւերու սիրահարներուն համար։ Բայց նոյնիսկ անոնք անակնկալի եկած են Աշոցք գետը ամբողջովին սառած գտնելով, մինչ կը պատրաստուէին ձմեռնային քայաքի (մարզական մակոյկ եւ անով կատարուող մարզաձեւ)։

Ամասիայի մէջ ալ առատ ձիւնի տեղումներուն յաջորդած է բուքը, որ փակած է ոչ միայն ճամբաները, այլեւ մարդոց տուներուն դռները։ Գիւմրիի մէջ եւս տեղումներու պակաս չէ եղած, ջերմաստիճանն ալ իջած է մինչեւ -27։ Ցուրտը հոն անտանելի կը դարձնէ յատկապէս տնակի մէջ ապրողներուն կեանքը։ Հիմնական վառելիքը փայտն է, եթէ անշուշտ կարենան գնել։ Տիկին Նարինէն 37 տարի է տնակի մէջ կ՚ապրի, ու չի գիտեր, թէ դեռ որքա՛ն ալ պիտի ապրին, քանի որ երկրաշարժին բնակարան չեն կորսնցուցած։ Ամուսնոյն 40 հազար դրամ թոշակէն կը խնայեն, որ ձմռան համար փայտ գնեն։ «Մէկ խորանարդը 28 հազար, կտրել-ջարդելն ալ՝ 32 հազար։ 4 խորանարդ առած ենք, ստիպուած քիչ առած ենք, որովհետեւ կարելիութիւն չունինք, կը խնայենք, որ փայտի հարցերը լուծենք»,– «Ազատութիւն» լրասփիւռի թղթակից Սաթենիկ Կաղզվանցեանին ըսած է տիկին Նարինէն։ Հակառակ սաստիկ ցուրտին, տնակը ստիպուած են ջեռուցել խնայելով. «Հօ՜, անընդհատ չես վառեր, 4 ժամ, հինգ ժամ կը մարես, որ յետոյ կարենաս ձմռան տակէն ելլել։ Ձմեռն ալ երկար է՝ 6 ամիս, մինչեւ Մայիս ամիսը պէտք է վառես»։ Վառելափայտ գտնելն ալ դժուարացած է։ Հատ ու կենտ ու հիմնականին մէջ պարկերով կը ծախեն։ Մէկ պարկին գինը 1000-1500 դրամ է։ Վառելիք ծախողներէն մէկը ըսած է, որ վերջին օրերուն փայտ գնողները շատցած են։ Կազով ջեռուցողներուն ծախսն ալ շատցած է։ «Հօ՜, միթէ չե՞նք մսիր»,– կ՚ըսեն։ 43 տոկոս աղքատութիւն ունեցող Շիրակի մէջ, ուր առժամեայ տնակներու մէջ դեռ մօտ 3000 ընտանիք կ՚ապրի, ձմեռը միւս մարզերուն համեմատ աւելի երկար կը տեւէ։

Բարեբախտաբար, յառաջիկայ օրերուն կը նախատեսուի ջերմաստիճանի զգալի՝ մինչեւ 15-20 աստիճան վերելք։