Ռուբէն Վարդանեանի ուղերձը՝ Պաքուի բանտէն
«Կ՚ուզեմ բոլորիդ շնորհակալութիւն յայտնել ձեր մտքերուն, զգացումներուն, յոյզերուն, նամակներուն, ցանկութիւններուն համար»։ Պաքուի մէջ գերեվարուած Ռուբէն Վարդանեանի ձայնագրութիւնը Դիմագիրքի իր էջին վրայ հրապարակած է «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան համահիմնադիր Մանէ Թանդիլեան։
“Ես զանոնք շատ լաւ կը զգամ, ջերմութիւն կը ստանամ անոնցմէ։ Կ՚ուզեմ բոլորին տօնական տրամադրութիւն մաղթել։ Տեղ մը կարդացած եմ, որ ամենակարեւոր ճամբորդութիւնը քու՝ քու ներսդ կատարած ճամբորդութիւնն է։ Որքան շատ կ՚ուրախանաս եւ կրնաս այդ ուրախութիւնը փոխանցել ուրիշներուն՝ այնքան կ՚ուժեղանաս։ Պահպանեցէք տօնական տրամադրութիւնը, հրաշքի զգացողութիւնը ձեր եւ երեխաներուն մէջ, նոր բանի մը սպասումը։ Եթէ ժամանակ ունենաք՝ դիտեցէք մանկական ֆիլմեր, ժապաւէններ, հեքիաթներ եւ մի՛ ամչնաք երեխայ ըլլալէ։ Մենք կորսնցուցած ենք հաւատքն առ Աստուած եւ հաւատքը՝ մենք մեր հանդէպ. շատ դժուար է այս աշխարհին մէջ մնալ այնպէս ինչպէս որ ես, երբ չունիս յենման կէտ։ Կը ցանկամ, որ բոլորդ ունենաք այդ յենման կէտը։ Կ՚ուզեմ ըսել, որ ինծի հետ ամէն ինչ լաւ է։ Կը շնորհաւորեմ բոլորին տօները, շնորհակալ եմ բոլորիդ”,– ի միջի այլոց կ՚ըսէ Վարդանեան։
