Երկամեայ ընդմիջումէ ետք, Յուլիս 23-ին Ախալքալաքի շրջանի Կարծախ գիւղին մէջ նշուած է մեծ համբաւ վայելող Աշուղ Ջիւանիի տօնը։
Ամէն տարի Յուլիսի վերջաւորութեան՝ Աշուշին նուիրուած ձեռնարկներ կը կազմակերպուին Կարծախի մէջ, որուն կը մասնակցին նաեւ հիւրեր Հայաստանէն ու Վրաստանի տարբեր շրջաններէն։
Ջիւանիի օրուան նուիրուած տօնակատարութիւնը սկսած է գիւղին մէջ տեղադրուած անոր յուշարձանին առջեւ ծաղիկներ զետեղելով։ Այնուհետեւ հիւրերը այցելած են մեծն կարծախցիին տուն-թանգարանը, որմէ ետք սկիզբ առած է տօնակատարութեան համերգային բաժինը: Մեծ աշուղի յիշատակին հնչած են անոր երգերն ու երաժշտութիւնը։ Ելոյթներ ունեցած են Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի «Սայեաթ-Նովա» համոյթը՝ Թովմաս Պօղոսեանի ղեկավարութեամբ, Ախալքալաքի Մշակոյթի տան «Ջաւախք» պարային համոյթը՝ աշուղ Ալիք Ջաւախքի ղեկավարութեամբ, Ախալքալաքի աշուղական դպրոցի սաները և Կարծախ գիւղի «Աշուղ Ջիւանի» պարախումբը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։