Ծանրակշիռ նոր դերակատար մը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան դաշտին մէջ
Ընդդիմադիր կուսակցութիւններու կողմէ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն բողոքարկումէն ետք, 637 ընտրատեղամասերու մէջ վերահաշուարկ կատարուեցաւ, որուն բերումով «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը ստացաւ յաւելեալ 508 ձայն, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 147 ձայն, իսկ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը՝ 1148։ Առաւել՝ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը (ԿԸՅ) անվաւեր ճանչցաւ երեք ընտրատեղամասերու արդիւնքները, սակայն անպատեհ համարեց նոր ընտրութիւններու կազմակերպումը՝ պնդելով, որ անոնց արդիւնքները պիտի չարտացոլեն ընտրողներու բուն մտադրութիւնը, քանի որ համապետական ընդհանուր արդիւնքները արդէն յայտարարուած են։ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը չկրցաւ խորհրդարան մուտք գործել՝ քուէներու 4%-ի շեմը յաղթահարած չըլլալուն պատճառով։ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացաւ երեք երեսփոխան եւս ունենալու իրաւունք, ինչ որ անոր կ՚ապահովէ խորհրդարանի երեք հինգերորդի մեծամասնութիւն։ Հետեւաբար, ան պիտի կարենայ առանձինն՝ իր իսկ ձայներով, կարգ մը հիմնական օրէնքներ քուէարկել եւ կարեւոր պաշտօններու գլուխ իր թեկնածուները նշանակել։ Հակառակ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու նկատմամբ իշխող կուսակցութեան ունեցած կրկնապատիկ տոկոսային առաւելութեան՝ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը դիմեց Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբ՝ չեղեալ յայտարարելու Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները։ Միջազգային դիտորդական առաքելութիւնները, ընդհանուր առմամբ, ընտրութիւններու կազմակերպումը արդար գնահատած են՝ ընտրողներուն ընտրութեան իրաւունքը յարգուած նկատելով։ Իբրեւ գլխաւոր թերութիւն՝ նշած են արտաքին միջամտութիւնը։ Ընդգծած են նաեւ նախընտրական արշաւի խիստ բեւեռացուած հանգամանքը եւ ընտրակաշառքով մեղադրուող ընդդիմութեան անդամներու ձերբակալութիւններու պարագան։
Կարեւոր հանգամանք է եւ հայ հասարակութեան քաղաքական հասունութեան հիմնական մէկ դրսեւորումը, որ ընտրութեան արդիւնքները մերժող կուսակցութիւնները դիմեցին իրաւական մարմիններու։ Ուշագրաւ է նաեւ յետընտրական գործընթացի ժամանակ Ռուսաստանի հակազդեցութիւնը, որ մերժելով ընտրութիւններու արդիւնքը, շարունակեց տնտեսական պատժամիջոցներու կիրարկումը հայկական գիւղատնտեսական ապրանքներու հանդէպ, սպառնալով նաեւ բարձրացնել քարիւղի ու գազի գիները եւ Հայաստանը ԵԱՏՄ-ի անդամակցութենէն զրկելու գործընթաց սկսիլ։ Ռուսաստանի սպառնալիքներուն դիմաց կառավարութիւնը տնտեսավարողներուն կ՚առաջարկէ կարգ մը նպաստներ եւ առաւելութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ Եւրոպական Միութեան հետ գործակցաբար այլընտրանքային շուկաներ։
2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն յետընտրական զարգացումներու քննարկումը ցոյց կու տայ, որ Ռուսաստանի հետ ռազմավարական յարաբերութիւններու վերաձեւակերպումը կը հանդիսանայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մեծագոյն հարցը, որ նաեւ ներքին քաղաքական ծանրակշիռ հետեւանքներ ունի՝ նկատի առնելով խորհրդարանական ընդդիմութեան երկու ուժերուն կողմէ ռուսական շահերու պաշտպանութիւնը։ Վերջին հաշուով, «Արցախի կորուստ»-ին եւ 2020-ի պարտութեան ետին կը կանգնի Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ռազմավարական դաշինքի ձախողութիւնը։ Կառավարութեան հետապնդած «Խաղաղութեան դաշինք»-ի յաջողութիւնը պայմանաւորուած է Հայաստանի արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ նոր դաշնակիցներու ընդգրկումով, որպէսզի կարենայ հակակշռել Ռուսաստանի ճնշիչ ազդեցութիւնը։
Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ, Իրան կ՚ամրապնդէ իր դիրքը՝ Իրան-ԱՄՆ առճակատումին մէջ տարած յաղթանակով։ Եւ իբրեւ սահմանակից երկիր, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան վրայ ազդեցութիւն ունեցող երեք ծանրաքաշ բեւեռներու՝ Ռուսաստանի, Թուրքիա-Ազերպայճանի եւ ԵՄ-ԱՄՆ-ի կողքին, Իրան ի յայտ կու գայ իբրեւ նոր ազդեցիկ դերակատար մը, որ կը զօրացնէ Հայաստանի կառավարութեան որդեգրած արտաքին յարաբերութիւններու բազմազանութեան ռազմավարութիւնը։ Արդէն 2020-ի յետապատերազմեան շրջանին Ազերպայճանին ուղղուած Իրանի խիստ ազդարարութիւնները անոր սահմանային յարձակումները զսպող ազդակ հանդիսացած էին։
Ժ.Չ. ■
