Քննարկուած է ճանապարհային քարտէսի անցնցում գործադրման հարցը
Վարչապետ Փաշինեան, Յունուար 7-ին, դիմագիրքեան գրառումով մը կը տեղեկացնէ, թէ տեղի ունեցած է Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ Բարենորոգման խորհուրդի առաջին նիստը։
Նիստի ընթացքին, ըստ վարչապետին, քննարկուած են «Եկեղեցւոյ բարենորոգման գործընթացի հիմնական ուղղութիւնները, կազմակերպչական քայլերը եւ յառաջիկայ աշխատանքներու շրջանակը՝ հիմք ընդունելով հիմնադիր յայտարարութեամբ ձեւակերպուած սկզբունքներն ու նպատակները»։
«Խորհուրդը կարեւոր նկատեց գործընթացի իրականացումը ներառականութեան, հանրային վստահութեան, թափանցիկութեան եւ պատասխանատւութեան սկզբունքներով՝ ընդգծելով հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու համախմբման ուղղուած քայլերու անհրաժեշտութիւնը»,– գրած է Փաշինեան։
Խորհուրդը նաեւ ողջունած է Զուիցերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Գուսան ծայրագոյն վարդապետ Ալճանեանի որոշումը՝ միանալու Եկեղեցւոյ բարենորոգման յայտարարութեան ու ճանապարհային քարտէսին։
«Նիստին քննարկուեցան ճանապարհային քարտէսի անցնցում գործադրման ուղղուած գործողութիւնները եւ կայացուեցան անհրաժեշտ որոշումներ»,– հաղորդած է վարչապետը։
