Հայ դահուկորդը կը խօսի իր մարզահագուստին վրայ «Ազերպայճան» բառը ծածկելուն եւ տուգանուելուն մասին

Ինչպէս գրած էինք, հայ դահուկորդ Միքայէլ Միքայէլեանը տուգանուած է իտալական Tour de Ski մրցաշարքի ընթացքին իր մարզահագուստին վրայ «Ազրպէյճան» բառը կպչուն երիզով ծածկելուն համար։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հետ զրոյցին երիտասարդ դահուկորդը պատմած է, թէ առաւօտեան՝ մրցումի սկիզբէն շուրջ 2 ժամ առաջ ստացած էր հանդերձանքը եւ տեսնելով «Ազերպայճան» գրութիւնը՝ որոշած է, որ այդ երկրին անունը կուրծքին՝ դահուկարշաւի պիտի չելլէ։

“Ծածկեցի ու գացի մեկնարկի։ Ինծի համար իմ արժանապատւութիւնս, իմ հայրենիքս ամէն բանէ վեր է։ Դէ, անշուշտ, դատակազմը նկատեց այդ, մրցումէն ետք զիս կանչեցին իրենց սենեակը, մենք խօսեցանք, ես բացատրեցի, թէ ի՛նչ է խնդիրը, թէ ինչո՛ւ ծածկած եմ այդ երիզով. անոնք ըսին՝ մենք քեզ կը հասկնանք, կ՚ընդունինք, սակայն Միջազգային դաշնակցութեան օրէնքներով բոլոր հովանաւորները պէտք է տեսանելի ըլլան”,– «Ազատութեան» բացատրած է հայ մարզիկը։

Հայ մարզիկները կրկին կրնան յայտնուիլ նման իրավիճակի մէջ

Ազերպայճանի Զբօսաշրջութեան պետական գործակալութիւնը անցեալ տարի 5 տարուան պայմանագիր կնքած է Դահուկային մարզաձեւի եւ սնոուպորտի միջազգային դաշնակցութեան հետ եւ հիմա ոչ միայն դրօշներու կամ ծանուցման վահանակներու, այլեւ շարք մը մրցումներու ընթացքին մարզիկներու համազգեստներուն վրայ կը յայտնուի ծանուցողին, այս պարագային՝ երկրին անունը։ Իսկ սա կը նշանակէ, որ հայ մարզիկները կրնան նորէն յայտնուիլ նման կացութեան մէջ։

«Ամէն մարզիկ իր երկրին անունը պէտք է կրէ թէ՛ սրտին, թէ՛ հագուստին վրայ»

“Մենք տարեկան ունինք մօտ 20 մրցում ու Աշխարհի բաժակի խաղարկութիւններուն ընթացքին հովանաւորները հիմնականին մէջ նոյնն են եւ նմանապէս նոյն ձեւով կրնանք դէմ-յանդիման գտնուիլ «Ազերպայճան» գրութեան։ Դատակազմը խնդրեց, որ հետագային նման քայլի չդիմեմ, ես անոնց պատասխանեցի, որ այժմ ոչինչ կրնամ խոստանալ”,– ըսած է հայ դահուկորդը։

Ընդունելով հանդերձ, որ մարզական աշխարհը պէտք է զատել քաղաքականութենէն, 26-ամեայ դահուկորդը, աւելցուցած է, որ ամէն մարզիկ իր երկրին անունը պէտք է կրէ թէ՛ սրտին, թէ՛ հագուստին վրայ։

Միքայէլ Միքայէլեան եզրափակած է. “Եթէ երկիր մը յարձակողական տրամադրուած է իմ հայրենիքիս նկատմամբ… ես չեմ կրնար մտածել, թէ սա քաղաքականութենէ դուրս է եւ առանց ծածկելու այդ երկրին անունը՝ մրցումի ելլել։ Յուսամ՝ այլեւս չ՚ըլլար պատերազմ, սակայն դեռ ամէն ինչ յստակ չէ, հետեւաբար երիզով պիտի ծածկեմ անոր անունը”։

Աւելցնենք, թէ Դահուկի Հայաստանի դաշնակցութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Միքայէլեանին եւ ողջունած անոր որոշումը։