Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՆԻՒ ԵՈՐՔ – Էրտողան Ազերպայճանին եւ Հայաստանին «շուտափոյթ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել»-ու կոչ ըրած է

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ՄԱԿ-ի Գլխաւոր համաժողովի 77-րդ նստաշրջանին ունեցած իր ելոյթին անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի յարաբերութիւններուն։

Ան խօսած է Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակին մասին եւ կոչ ըրած՝ Ազերպայճանին եւ Հայաստանին «շուտափոյթ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել»-ու։

“Թէեւ հայ-ազերպայճանական սահմանային իրավիճակը վերջին օրերուն ստուերած է մեր ընդհանուր գործը, բայց եւ այնպէս կը կարծեմ, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները շուտով կը կարգաւորուին, եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն կը հաստատուի”,– ըսած է ան։