Ֆրանսայի մէջ անտառային հրդեհներու պատճառով տարհանուած է մօտաւորապէս 20 հազար հոգի

Անտառային հրդեհ

Ֆրանսայի Պորտօ քաղաքի մօտերը՝ Ատլանտեան ովկէանոսի ափին տարածուող անտառային հրդեհը ստիպած է տարհանել շուրջ 20 հազար հոգի, որոնց մեծամասնութիւնը զբօսաշրջիկներ են։ Ըստ տեղական իշխանութիւններուն՝ ցարդ ոչ ոք տուժած է։

Յուլիս 22-ի կէսօրին ծայր առած հրդեհը արդէն տարածուած է աւելի քան 2400 հեկտար տարածքի վրայ։ Զայն մարելու համար դէպքի վայրին մէջ կ՚աշխատին մօտ 700 հրշէջներ։

Հարաւը՝ Մարսիլիայէն հիւսիս-արեւելք գտնուող Փոնթեւեսի շրջանին մէջ, յաջողած են վերահսկողութեան տակ առնել մէկ այլ խոշոր հրդեհ, որ ոչնչացուցած է շուրջ 2500 հեկտար անտառ եւ 10 տուն։ Իսկ հիւսիսը՝ Ֆոնթենպլոյի մէջ, կրակը կլանած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ցանկին մաս կազմող պատմական անտառին գրեթէ մէկ տասներորդը։

Մայիսէն ի վեր Ֆրանսա անցուցած է արդէն սաստիկ տօթերու երեք ալիք։ Օդերեւութաբանական ազգային ծառայութեան (Météo-France) համաձայն՝ 1947 թուականէն ի վեր երկրին մէջ արձանագրուած 53 ջերմային ալիքներուն կէսը տեղի ունեցած է 2010 թուականէն ետք. միտում մը, զոր մասնագէտները կը կապեն կլիմայի փոփոխութեան հետ։