Արարատ Միրզոյեան՝ Զախարովայի յայտարարութիւններուն մասին
«Ինծի մի՛ դիմէք այդ կնոջ յայտարարութիւնները մեկնաբանելու խնդրանքով»
Հայաստանի Հանրային հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցին, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան մերժած է մեկնաբանել Ռուսաստանի ԱԳՆ-ի բանբեր Մարիա Զախարովայի յայտարարութիւնները։
“Կը խնդրեմ ինծի չդիմել այդ կնոջ յայտարարութիւնները մեկնաբանելու խնդրանքով։ Որոշ հանգրուանէ մը ետք, ես դադրած եմ հետեւելէ անոր խօսքերուն ու ձեւակերպումներուն։ Այդ կնոջ յայտարարութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան։ Իրականութիւնը տրամագծօրէն հակառակն է, ներառեալ՝ ՀԱՊԿ-ի պարագային։ Մենք օգնութիւն խնդրած ենք՝ դիմելով Ռուսաստանին երկկողմ համաձայնագրերու ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ երկու անգամ դիմած ենք ՀԱՊԿ-ին՝ 4-րդ յօդուածի հիման վրայ։ Մենք միջամտութիւն կը պահանջէինք ոչ այն իմաստով, որ գան մեր փոխարէն կռուելու (Ազերպայճանի դէմ — խմբ.)։ Սակայն մենք չստացանք այն օգնութիւնը, որուն վրայ յոյս դրած էինք”,– նշած է Միրզոյեան։
