Գագիկ Խաչատրեանի աղմկայարոյց ձերբակալումը

Գագիկ Խաչատրեան

Պատգարակով հարցաքննութիւն, հիւանդութեան վաւերականութեան վէճ եւ երկամսեայ բանտարկութիւն

Հայաստանի Ելեւմուտի նախկին նախարար եւ Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախկին նախագահ Գագիկ Խաչատրեանի շուրջ ծաւալած դատաիրաւական գործընթացը թեւակոխած է աննախադէպ փուլ մը։ Անոր՝ անկողնային պայմաններու մէջ ձերբակալութիւնն ու պատգարակով դատարան տեղափոխումը հանրային ու քաղաքական լայն հնչեղութիւն ստացած են՝ վերածուելով իրաւապահ մարմիններու գործելաոճի եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան շուրջ բուռն բանավէճի։ Դատարանի որոշումով՝ Խաչատրեան դատապարտուած է երկամսեայ նախնական բանտարկութեան՝ հակառակ ենթակային փաստաբանական խումբի բուռն առարկութիւններուն եւ առողջական վիճակի մասին ահազանգերուն։

Իրաւապահները Խաչատրեանը հարցաքննութեան եւ դատական նիստի ներկայացուցած են ծայրայեղ անսովոր պայմաններու մէջ. ան դատարան բերուած է պատգարակով, քանի որ, ըստ պաշտպանական կողմի, ի վիճակի չէ ինքնուրոյն տեղաշարժելու։ Անկողնային պայմաններու մէջ կատարուած այս հարցաքննութիւնն ու կալանաւորման գործընթացը անմիջապէս գրաւած են Մարդկային իրաւանց պաշտպանի գրասենեակին ուշադրութիւնը, որ սկսած է ուսումնասիրել համացանցի մէջ տարածուած տեսանիւթերն ու փաստերը՝ պարզելու համար, թէ արդեօք տեղի ունեցա՞ծ է անձի արժանապատւութեան նուաստացում կամ խոշտանգում։

Գործին ամէնէն վիճայարոյց կէտը կը մնայ Խաչատրեանի առողջական վիճակին ու անոր բուժման վայրին շուրջ ծագած տարակարծութիւնը։ Մէկ կողմէն՝ Խաչատրեանի փաստաբաններն ու ընտանեկան պարագաները կը պնդեն, թէ անոր հիւանդութիւնը ծանր է եւ անպայման արտասահմանեան մասնագիտական բուժում կը պահանջէ եւ նման պայմաններու մէջ զայն պատգարակով դատարան տանիլը պարզապէս իրաւական կամայականութիւն է, որ կրնայ հաւասարիլ խոշտանգման։ Միւս կողմէն՝ ՀՀ իշխանութիւններն ու քննչական մարմինները այս պահանջին կը մօտենան խիստ վերապահումով՝ մտածելով, որ ատիկա լոկ թատերական հնարք է եւ արդարադատութենէն խուսափելու ու արտասահման փախչելու պատրուակ։ Անոնք կը պնդեն, թէ հիւանդութեան ծանրութեան աստիճանը չափազանցուած է, եւ Հայաստանի մէջ առկայ են բոլոր անհրաժեշտ պայմաններն ու բժշկական հնարաւորութիւնները՝ անոր բուժումը երկրէն ներս կազմակերպելու համար։

Այս ծայրայեղ բեւեռացած մթնոլորտին մէջ, դատարանը ընդառաջած է նախաքննական մարմինի դիմումին եւ Խաչատրեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրած է երկամսեայ բանտարկութիւն։ Այս որոշումը ցոյց կու տայ, որ իրաւապահ համակարգը վճռակամ է շարունակելու իր որդեգրած անզիջող գիծը աղմկայարոյց քրէական գործերուն մէջ՝ անտեսելով առողջական վիճակի մասին պնդումները եւ առաջնահերթութիւն տալով քննութեան անխափան ու խիստ ընթացքին։