Պաքուի ճնշումներուն տակ, Փարիզի քաղաքապետարանը հրաժարեցաւ ցուցահանդէսի բացումէն

Փարիզ-ցուցահանդէս

Պաքուի ճնշումներուն եւ սպառնալիքներուն տակ, Փարիզի քաղաքապետարանը հրաժարեցաւ հայ պատանդներուն նուիրուած ցուցահանդէսի բացումէն, որ այսուհանդերձ տեղի ունեցաւ

Սեպտեմբեր 2-ի առաւօտեան, Փարիզի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ 19 հայ պատանդներուն նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը՝ վրդովումի մթնոլորտի մէջ։ Ֆրանսական կառավարութեան հրահանգով, Փարիզի քաղաքապետարանը վերջին պահուն ջնջեց իր պաշտօնական մասնակցութիւնը՝ հարկադրաբար տեղի տալով Ազերպայճանի կողմէ բանեցուած բացառիկ բռնութեամբ դիւանագիտական սպառնալիքներուն։

Պաշտօնական հրաժարում՝ սպառնալիքի տակ 

Ձեռնարկը, որ միասնաբար կազմակերպուած էր Փարիզի քաղաքապետարանին եւ CCAF-ի (Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդ) կողմէ եւ կը նախատեսէր մինչեւ Սեպտեմբեր 5 ներկայացնել քաղաքական բանտարկեալներու դիմանկարները, զրկուեցաւ քաղաքապետարանի ներկայացուցչութենէն։ Պատճառը Պաքուի բացայայտ ճնշումներն են եւ Ազերպայճանի մէջ գտնուող ֆրանսացի քաղաքացիներու ապահովութիւնը վտանգող անմիջական սպառնալիքները։ CCAF-ը խստօրէն դատապարտեց պարտադրուած այս նահանջը՝ ընդգծելով, որ չափազանց վտանգաւոր նախադէպ է թոյլ տալ բռնատիրական պետութեան մը, որ Ֆրանսայի թելադրէ, թէ վերջինս զո՛վ կրնայ պատուել իր իսկ հողին վրայ։ Կազմակերպութիւնը կ’ահազանգէ, որ այս սպառնալիքներուն զիջիլը պարզապէս զայն քաջալերել կը նշանակէ (տե՛ս. CCAF-ի հաղորդագրութիւնը՝ վարը)։

Անխախտ քաղաքացիական եւ քաղաքական զօրաշարժ

Հակառակ պաշտօնական մարմիններու բացակայութեան եւ բարձրախօսային սարքերու չգոյութեան, հաւաքը կայացաւ ձայնափողով (mégaphone)՝ շուրջ 300 անձերու ներկայութեամբ, որոնք համախմբուած էին Արցախի զինուորագրեալներուն եւ նախկին ղեկավարներուն դէմքերը ցուցադրող վահանակներուն շուրջ։ Զօրակցութիւնը դրսեւորուեցաւ բազմաթիւ անձնաւորութիւններու յատկանշական ներկայութեամբ։ Անոնց շարքին էին համայնքային ներկայացուցիչներ, ինչպէս՝ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը, CRIF-էն Ժոնաթան Արֆին եւ Ֆիլիփ Մեյէրը, ինչպէս նաեւ Թութսիներու ցեղասպանութենէն վերապրողներու ներկայացուցիչ Մարսէլ Քապանտան։ Քաղաքական դասն ալ ընդառաջեց այս կոչին. ներկայ էին Հօ-տը-Ֆրանս շրջանի նախագահ Զաւիէ Պերթրանը, երեսփոխաններ Քոնսթանս Լը Կրիփն ու Էմանիւէլ Մանտոնը, նախկին խորհրդարանական Ռընէ Ռուքէն, ինչպէս նաեւ տեղական ընտրեալներ՝ Ժոզիան Կոտ (Փարիզի 7-րդ թաղամաս), Սթեֆան Էքսփոզիթօ (Ալֆորվիլ) եւ Ֆապիէն Լիածէ (Իսի-լէ-Մուլինօ)։

Մոռացութեան մերժում եւ անյապաղ պատժամիջոցներու պահանջ 

Արտասանուած խօսքերը լոյս սփռեցին խիստ քաղաքական տարողութեան վրայ այս կամայական ձերբակալութիւններուն, զորս Իլհամ Ալիեւի վարչակարգը կը գործածէ որպէս փոխանակման միջոց։ CCAF-ի համանախագահ Արա Թորանեան խստօրէն քննադատեց Պաքուի բեմադրած «արդարադատութեան խեղկատակութիւն»՝ իննամսեայ շրջափակումէ եւ ցեղային զտումէ ետք։ Ան դատապարտեց հայ բանտարկեալներու, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի քաղաքացիներ Մարթէն Ռիանի ու Անաս Տեռազի ուղղակի որպէս խաղաքարտ օգտագործումը՝ սպառնալիքներ հնչեցնելու համար։

Իր պաշտօնակիցը՝ Մուրատ Փափազեան, իր կարգին պահանջեց այս 19 պատանդներուն՝ ի շարս որոնց Ռուբէն Վարդանեանի եւ Արցախի նախկին նախագահներու անվերապահ ազատ արձակումը։ Ան կոչ ուղղեց Եւրոպական Միութեան՝ որեւէ ուժանիւթային համաձայնագիր պայմանաւորելու անոնց ազատ արձակումով, պահանջելով որ Ֆրանսա գլխաւորէ թիրախային պատժամիջոցներ կիրարկող դաշինք մը։ Նոյն ոգիով, Զաւիէ Պերթրանն ու ներկայ ընտրեալները շեշտեցին «մոռացութեան քօղ»-ի հաստատումը մերժելու իրենց կամքը՝ միաբերան վերահաստատելով խօսքի դիւանագիտութենէն գործի դիւանագիտութեան անցնելու բացարձակ հրատապութիւնը։

CCAF-ի հաղորդագրութիւնը

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը (CCAF) իր խոր վրդովումը կը յայտնէ վերջին պահուն ջնջումին առնչութեամբ՝ Ազերպայճանի մէջ պահուող հայ պատանդներուն նուիրուած ցուցահանդէսի բացման, որ նախատեսուած էր Սեպտեմբեր 2, ժամը 10-ին, Փարիզի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ։

Ըստ CCAF-ին հաղորդուած տեղեկութիւններուն, այս որոշումը կայացուած է ազերպայճանական իշխանութիւններուն կողմէ ֆրանսացի քաղաքացիներուն ուղղուած սպառնալիքներուն հետեւանքով՝ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանեցուցած խիստ ճնշումներու լոյսին տակ։

CCAF-ը բնականաբար կը գիտակցի ֆրանսական իշխանութիւններուն վիճակող պատասխանատւութեան, երբ վտանգուած է մեր ֆրանսացի հայրենակիցներուն անվտանգութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, անընդունելի է, որ օտար բռնատիրական վարչակարգ մը, սպառնալիքի եւ շանթաժի միջոցով, ճնշում բանեցնէ՝ սահմանափակելով այն, ինչ որ ֆրանսացի քաղաքացիներն ու անոնց ընտրեալները իրաւունք ունին ըսելու եւ ցուցադրելու Հանրապետութեան հողին վրայ։

CCAF-ը խորապէս կ՚ափսոսայ, որ կառավարութիւնը տեղի տուած է այնպիսի պետութեան մը ճնշումներուն, որ մշտապէս կը դատապարտուի մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան միջազգային կազմակերպութիւններուն կողմէ՝ հիմնական ազատութիւններու, մամուլի ազատութեան եւ ընդդիմութեան իրաւունքներու ոտնահարման, ինչպէս նաեւ ցեղային զտումի զոհ դարձած հայ բնակչութեան հանդէպ իրագործած բռնութիւններուն համար։

Այս կացութիւնը հարուած կը հասցնէ Ֆրանսայի դիւանագիտութեան հեղինակութեան, ինչպէս նաեւ հայ պատանդներու ազատ արձակման արդար դատին, որուն կը զօրակցին Փարիզի քաղաքային խորհուրդը, Ազգային ժողովը (միաձայնութեամբ), ինչպէս նաեւ Ծերակոյտն ու Եւրոպական խորհրդարանը։

CCAF-ը վճռակամօրէն կը վերահաստատէ իր կամքը՝ շարունակելու պայքարը պատանդներու ազատ արձակման համար, առանց որուն կարելի չէ արդար եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն հաստատել Ազերպայճանի հետ։