Ողբերգական արկած՝ Քուչակ-Ապարան ճամբուն վրայ

Արկած

5 մեռեալ եւ 7 վիրաւոր

Սեպտեմբեր 2-ին, ողբերգական արկած մը պատահած է Քուչակ-Ապարան ճամբուն վրայ, ուր իրարու բախած են հանրակառք մը եւ ինքնաշարժ մը, պատճառ դառնալով հինգ հոգիի մահուան եւ եօթը ուրիշներու վիրաւորուելուն։

Հայաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան (ՆԳՆ) փրկարար ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Սեպտեմբեր 2, ժամը 17:17-ին, 112 ահազանգման կեդրոն հաղորդում ստացուած է նշեալ ճամբուն վրայ պատահած ծանր արկածին մասին։

Դէպքի վայր անյապաղ մեկնած են ՆԳՆ Ոստիկանութեան աշխատանքային խումբերն ու Փրկարար ծառայութեան մարտական ջոկատները։

Պարզուած է, որ երկու փոխադրամիջոցներու ուժգին բախումին հետեւանքով, ըստ նախնական տուեալներու, հինգ հոգի մահացած է եւ եօթը ուրիշներ ստացած են տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներ։

Արկածին պատճառներն ու դէպքին ճշգրիտ հանգամանքները պարզելու համար ներկայիս քննութիւն կը կատարուի։