Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպանը ստանձնեց իր պաշտօնը

Ֆլորիան Էսքիւտիէ

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Ֆլորիան Էսքիւտիէ (Florian Escudié) Սեպտեմբեր 5-ին ստանձնեց իր պաշտօնը, փոխարինելով Օլիվիէ Տըքոթինյին։ Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը։

Իր կարգին, Էսքիւտիէ Ֆրանսայի դեսպանատան շէնքին առջեւ առնուած լուսանկար մը հրապարակած է՝ նշելով, որ անհամբեր կը սպասէ հայութեան հետ հանդիպելուն եւ զանոնք ճանչնալուն։

Ֆլորիան Էսքիւտիէ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան նշանակուած էր Օգոստոս 18-ին՝ Ֆրանսայի նախագահի հրամանագրով։

Նախքան Հայաստանի մէջ դեսպան նշանակուիլը, ան 2023-ի Ապրիլէն կը պաշտօնավարէր Ֆրանսայի Բանակներու նախարարութեան մէջ՝ որպէս վերլուծութեան եւ ռազմավարութեան հարցերու գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ։ 2022 Հոկտեմբերէն մինչեւ 2023 Մարտ, ան Ֆրանսայի՝ Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ վարած է դիւանագիտութեան ընդհանուր քննարկումներու գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը։

Նախապէս՝ 2020-2022, Էսքիւտիէ եղած է Ֆրանսայի Բանակներու նախարար Ֆլորանս Փարլիի դիւանագիտական խորհրդականը։

Դեսպանին գրառումը X ընկերային ցանցին վրայ

«Ի՜նչ հաճելի է Հայաստանի մէջ այդքան ջերմ ընդունելութեան արժանանալը սեպտեմբերեան գեղեցիկ արեւով։ 

Անհամբեր կը սպասեմ հայերու եւ հայուհիներու հետ հանդիպելու։ 

Հպարտ եմ, որ մօտ օրէն իմ նպաստս պիտի բերեմ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ սիրոյ պատմութեան»։