Սիրանոյշ Սահակեան. «Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու մորթէն այրելով ջնջած են խաչի դաջուածքները»

Հայ գերիներ

Սեպտեմբեր 4-ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին (ՄԻԵԱ) մէջ հայ գերիներու շահերու պաշտպան եւ «Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Սիրանոյշ Սահակեան անդրադարձաւ Ազերպայճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն նկատմամբ կիրարկուող կրօնական խտրականութեան ծանր դրսեւորումներուն։

Ան ընդգծեց, որ Ազերպայճանի մէջ ապօրինաբար պահուող բոլոր հայերը քրիստոնեաներ են, եւ կրօնական գործօնը մեծ դեր կը խաղայ անոնց նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերումին մէջ։ Սահակեան նշեց, որ միջազգային զեկոյցներու մէջ արձանագրուած են կրօնական խորհրդանիշերու թիրախաւորման փաստեր. օրինակ՝ խաչի դաջուածք ունեցող գերիներու մորթէն այդ նշանները այրելով ու խոշտանգելով ջնջած են։ Աւելի՛ն, բանտարկեալներուն արգիլուած է Աստուածաշունչ ունենալ, իսկ կարգ մը պարագաներու անոնք հարկադրուած են Ղուրան կարդալու։ Ըստ իրաւապաշտպանին, քրիստոնեայ ըլլալն ու քրիստոնէական մշակոյթին պատկանիլը աւելի կը դժուարացնեն քաղաքակրթական երկխօսութիւնը Ազերպայճանի հետ։

Անդրադառնալով Ռուբէն Վարդանեանի եւ միւս գերիներու հարցին, Սահակեան յայտնեց, որ Վարդանեանի գործով մեղադրական եզրակացութեան եւ դատավճիռի անգլերէն թարգմանութիւնները առաջին անգամ ըլլալով ամբողջութեամբ հրապարակուած են «Free Armenian Prisoners» կայքին վրայ։ Շուրջ 3300 էջ հաշուող այս փաստաթուղթերը հիմք ծառայած են ազերպայճանական ռազմական դատարանին՝ քաղաքացիական անձ մը 20 տարի բանտարկութեան դատապարտելուն։

Սահակեան կոչ ուղղեց միջազգային իրաւաբանական եւ ակադեմական համայնքներուն՝ ուսումնասիրելու այս փաստաթուղթերը եւ տալու մասնագիտական գնահատական, քանի որ հրապարակուած նիւթերը կը վերաբերին նաեւ միւս հայ բանտարկեալներուն։ Ան շեշտեց, որ այս գործը մէկ անձի ճակատագրէն շատ աւելի անդին կ’անցնի. անիկա կ’առնչուի արդար դատաքննութեան, արդարադատութեան որակին ու մարդու հիմնական իրաւունքներու պաշտպանութեան առանցքային հարցերուն՝ յորդորելով մասնագիտական հանրութեան թոյլ չտալ, որ առանց ապացոյցներու դատապարտումները վերածուին ընդունուած չափանիշի։