Գագիկ Ծառուկեանի կալանքը երկարաձգուեցաւ երկու ամիս
Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը, Սեպտեմբեր 4-ին, դռնփակ նիստի ընթացքին որոշեց երկու ամիս երկարաձգել գործարար, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի կալանքը՝ ընդառաջելով մեղադրող կողմի դիմումին։
Արձագանգելով դատարանի այս վճիռին՝ Ծառուկեան առանց քաղաքական գնահատականներ հնչեցնելու նշեց. “Դատարանը որոշեց, որ ես երկու ամիս եւս պէտք է ըլլամ անազատութեան մէջ։ Որոշեց՝ որոշեց։ Ըսել՝ այլ բան կ՚ակնկալէի, անլուրջ պիտի ըլլար”։
Ընդդիմադիր գործիչը կալանաւորուած էր խորհրդարանական ընտրութիւններէն մէկ ամիս ետք։ Իրաւապահները անոր դէմ մեղադրանք յարուցած են մեծ չափով խարդախութեան, գումարներու լուացման եւ հարկերէ խուսափելու յօդուածներով։
Զուգահեռաբար, պետութիւնը սկսած է տնօրինել անոր պատկանող գոյքը. կառավարութիւնը պետական կառավարիչներ նշանակած է «Արարատցեմենտ»-ի եւ քոնեակի գործատուներուն, իսկ Ծառուկեանի մարզահամալիրը անցած է քաղաքապետարանի ղեկավարման տակ։ Բացի ատկէ, Եղծանման դէմ պայքարի (Հակակոռուպցիոն) դատարանը ընթացք տուած է դատախազութեան դիմումներուն, որոնցմով կը պահանջուի անվաւեր ճանչնալ Ծառուկեանի Առինջի առանձնատան եւ «Առինջ մոլ»-ի հողատարածքներու՝ տասնամեակներ առաջ կայացած աճուրդները։
Մինչ իշխանութիւնները կը վստահեցնեն, որ պետութեան կը վերադարձնեն ապօրինի կուտակուած հարստութիւնը, Ծառուկեանի պաշտպաններն ու համախոհները այս բոլորը կ՚որակեն քաղաքական հալածանք։
