Կաթողիկոսին եւ միւսներուն գործը կը վերադարձուի Արմաւիրի մարզի դատարան
Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ին եւ վեց եպիսկոպոսներուն առնչուող քրէական գործը Սեպտեմբեր 7-ին ետ ղրկուած է Արմաւիրի մարզի դատարան։ Վճռաբեկ դատարանը հաստատած է, որ այս վարոյթը կ՚իյնայ Արմաւիրի առաջին ատեանի դատարանի իրաւասութեան տակ։
Վճռաբեկ դատարանի հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Արմաւիրի դատարանը նախապէս գործը Երեւան փոխանցելով ցուցաբերած է միայն «ենթակայական եւ ձեւական մօտեցում»։
Անհիմն կերպով իրաւասութեան վէճ եւ անտեղի ձգձգումներ ստեղծելով՝ դատարանը վտանգած է ողջամիտ ժամկէտի մէջ գործը քննելու սահմանադրական իրաւունքը, որ երաշխաւորուած է նաեւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական համաձայնագիրով։
Բարձրագոյն դատական խորհուրդը տեղեկացուցած է, որ գործը պիտի քննէ Սերժ Ռուշանեանը՝ այն նոյն դատաւորը, որ սկիզբը գործը ղրկած էր Երեւան։
Յիշեցնենք, որ տարածքային դատական լիազօրութեան հարցը վերջնապէս լուծելու նպատակով Վճռաբեկ դատարան դիմած էր Երեւանի առաջին ատեանի դատաւոր Վահագն Մելիքեանը։
