14 տարի ազատազրկում՝ ռուս զինուորներու գերեզմանները լուսանկարելուն եւ Ուքրաինայի փոխանցելուն համար
Ռուսաստանի Եարոսլավլի մարզային դատարանը պետական դաւաճանութեան մեղադրանքով 14 տարի խիստ դրութեամբ ազատազրկման դատապարտած է 48-ամեայ Նիքոլայ Շչերպաքովը։ «Մետիազոնա»-ի համաձայն՝ քրէական գործին համար հիմք ծառայած է Ուքրաինայի դէմ պատերազմին զոհուած ռուս զինուորներու գերեզմաններու «համակարգուած» լուսանկարումը։
Դատարանի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, ամբաստանեալը հաւաքուած լուսանկարները հեռաձայնային հաղորդագրութիւններու ճամբով ուղարկած է Ուքրաինայի անվտանգութեան ծառայութիւններուն։ Կը հաղորդուի, թէ այս մէկը՝ զինուորներու գերեզմաններու լուսանկարման առնչուող «պետական դաւաճանութեան» առաջին ծանօթ դատավճիռն է։
Վերջին շրջանին Ռուսաստանի մէջ յաճախակի դարձած են նմանատիպ արարքներու համար քրէական հետապնդումներն ու ձերբակալութիւնները։ Ռուսաստանի Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութիւնը (ԱԴԾ) կը պնդէ, որ տեղացիներուն կը վճարուի այս գործողութեան դիմաց (մինչեւ 100 հազար ռուբլի՝ 400 լուսանկարի համար)։
Իրաւապաշտպաններն ու անկախ լրասփիւռները կ՚ընդգծեն, որ իշխանութիւնները աշխուժօրէն կը հետապնդեն գերեզմաններ լուսանկարող քաղաքացիները, եւ արարքը կրնայ որակուիլ իբրեւ պետական դաւաճանութիւն, եթէ նկարները փոխանցուին Ուքրաինայի։ Նկատի ունենալով այս վտանգը՝ ռուսական բանակի կորուստներու հաշուարկով զբաղող կամաւորները, որոնք նախապէս կը դիմէին բնակիչներուն՝ խնդրելով նման լուսանկարներ ուղարկել, այժմ կը խուսափին այդ քայլէն։
