Ռուսաստան 11 նոր «Ռուսական տուն» պիտի հիմնէ, որոնցմէ երկուքը՝ Հայաստանի մէջ
Իկոր Չայքա
«Ռոսսոտրուդնիչեստվօ» գործակալութեան ղեկավար Իկոր Չայքա յայտնած է 11 նոր գործընկերային «Ռուսական տուն» բանալու համաձայնագրերու ստորագրութեան մասին։ Անոնցմէ երկուքը պիտի հիմնուին Հայաստանի մէջ՝ Արտաշատ եւ Աշտարակ քաղաքներուն մէջ (յիշեցնենք, որ Երեւանի մասնաճիւղը կը գործէ 2009-էն ի վեր)։
Մնացեալ ինը կեդրոնները պիտի բացուին ափրիկեան եւ ասիական շարք մը երկիրներու մէջ (Թայլանտ, Քենիա, Սենեկալ եւ այլն), ինչ որ գրեթէ կիսովին պիտի ընդլայնէ գործակալութեան ցանցը։
Ուշագրաւ է, որ մինչ Ռուսաստան կ՚ընդլայնէ իր ցանցը նոր ուղղութիւններով, վերջին տարիներուն եւրոպական շարք մը երկիրներ (Գերմանիա, Ռումանիա, Սլովենիա, Մոլտաւիա եւ այլն), ինչպէս նաեւ Ազերպայճան, փակած են իրենց տարածքին վրայ գործող «Ռուսական տուն»-երը՝ քարոզչութեան եւ լրտեսութեան վերաբերող կասկածներու եւ քաղաքական հակասութիւններու պատճառով։
