Ծանօթ քաղցկեղաբան Գէորգ Թամամեան առաջադրուած է ԱՀԿ-ի ընդհ. տնօրէնի պաշտօնին
Ծանօթ մանկական քաղցկեղաբան եւ արիւնաբան փրոֆ. Գէորգ Թամամեան պաշտօնապէս առաջադրուած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ — OMS) ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնին։ Անոր թեկնածութիւնը ներկայացուած է Պոթսուանայի Հանրապետութեան կողմէ։
Դոկտ. Թամամեան ներկայիս կը վարէ Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի մանկական քաղցկեղաբանութեան եւ արիւնաբանութեան ամպիոնի վարիչի, ինչպէս նաեւ՝ Քաղցկեղի դէմ դիմադրականութեան հետազօտութեան հիմնարկի տնօրէնի պաշտօնները, միաժամանակ հանդիսանալով «OncoDaily»-ի գլխաւոր խմբագիրը։
Ներկայացնելով իր ռազմավարական ծրագիրը՝ Թամամեան շեշտած է համաշխարհային առողջապահական այս կառոյցը աւելի արագ արձագանգող, հաշուետու եւ գործնականօրէն արդիւնաւէտ դարձնելու կարեւորութիւնը։ Անոր գլխաւոր յանձնառութիւնն է՝ ապահովել առողջապահական ծառայութիւններու հաւասար հասանելիութիւն աշխարհի բոլոր հիւանդներուն համար՝ անկախ անոնց աշխարհագրական դիրքէն կամ ընկերա-տնտեսական պայմաններէն։
