Եգիպտացորենէն՝ նորարարական զտիչ

Screenshot

Screenshot

Հայ աշակերտներու «Airify» ծրագիրը՝ Եւրոպական Միութեան գիտական մրցոյթի յաղթական

Երեւանի «Այբ» կրթահամալիրի երեք աշակերտներ՝ Հայկ Ղազարեան, Տիգրան Աւանեան եւ Յովհաննէս Մանուկեան, արժանացած են Կենսատնտեսութեան (Bioeconomy) հեղինակաւոր «CBE JU» մրցանակին՝ Եւրոպական Միութեան Երիտասարդ գիտնականներու 37-րդ մրցոյթին (EUCYS) ծիրէն ներս։

Հայկական խումբը այս բարձր գնահատականին արժանացած է իրենց հեղինակած «Airify» ծրագրին համար, որ կը ներկայացնէ օդի նորարարական, կենսաքայքայուող (biodegradable) եւ ինքնամաքրուող զտիչ մը՝ ամբողջութեամբ պատրաստուած եգիպտացորենի կեղեւներէն։ Այս գիւտը կը յաջողի կատարելապէս համադրել թափօններու բնապահական վերամշակումը արդի արհեստագիտութեան հետ։

Զտիչին վրայ կիրարկուած թիթանիումի երկօքսիտի յատուկ ծածկոյթը թոյլ կու տայ, որ ան անդրամանուշակագոյն (UV) ճառագայթներու տակ ինքնամաքրուի, մինչ կայուն եղանակով ստացուած արծաթի նանօ-մասնիկները կ՚ապահովեն հակամանրէային հզօր պաշտպանութիւն։ Փորձարկումներու համաձայն՝ սարքը յաջողութեամբ կը չէզոքացնէ օդին մէջ գտնուող վնասակար մասնիկներուն շուրջ 90 տոկոսը։

Հայ երիտասարդներուն ծրագիրը ընտրուած է 37 երկիրներէ 144 նորարարներու գործերուն մէջէն, որոնք կը մրցէին տասը տարբեր գիտական ճիւղերու մէջ։ Այս յատկանշական յաղթանակէն ետք, խումբի անդամները պաշտօնական հրաւէր ստացած են մեկնելու Պրիւսէլ՝ «Airify»-ը անձամբ ներկայացնելու եւրոպական հաստատութիւններուն, «CBE JU»-ի արդիւնաբերական փորձագէտներուն եւ կենսատնտեսութեան ոլորտի ղեկավար դէմքերուն։