Նորընտիր խորհրդարանի առաջին լուրջ բախումները
Իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը դէմ-յանդիման՝ բանակի եւ եկեղեցւոյ հարցերով
Հայաստանի նորընտիր խորհրդարանին մէջ արձանագրուեցան իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ առաջին լուրջ բախումներն ու քաշքշուքները։ Հոկտեմբեր 6-ի նիստերուն ընթացքին ստեղծուած ծայրայեղ լարումը ունէր հիմնական երկու պատճառներ՝ ընդդիմութեան պահանջը՝ քննելու բանակին մէջ արձանագրուած մահուան դէպքերն ու Սիւնիքի մէջ տեղի ունեցած միջադէպը, ինչպէս նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հարցով՝ յատուկ յանձնաժողով ստեղծելու իշխանութեան նախաձեռնութիւնը։
Բանակի մահերն ու Պաշտպանութեան նախարարի հրաժարականի պահանջը
Ազգային ժողովի «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութիւնները պահանջեցին Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հրաժարականը՝ զայն մեղադրելով Հոկտեմբեր 1-ին Սիւնիքի մարզ ազերպայճանցի զինուորի ներթափանցման օրերուն՝ Ստեփանաւանի մէջ քարոզարշաւով զբաղելուն համար։ Յիշեցնենք, որ զօրամասը լքած ազերպայճանցի զինուորը վիրաւորած էր Շաքի գիւղի բնակչուհի մը եւ անոր երկու երեխաները։
«Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութիւնը առաջարկեց ստեղծել քննիչ յանձնաժողով մը, որ պիտի ուսումնասիրէ թէ՛ Շաքիի միջադէպը եւ թէ՛ բանակին մէջ տարուան առաջին 9 ամիսներուն ոչ-ռազմական պայմաններու մէջ 15 զինուորներու մահուան հանգամանքները։ Իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) խմբակցութեան քարտուղար Վոլոդիա Յակոբեան, սակայն, յայտնեց, որ իշխանութիւնը պիտի մերժէ քննիչ յանձնաժողով ստեղծելու այս նախաձեռնութիւնը։
Եկեղեցւոյ հարցով քննիչ յանձնաժողով եւ ընդդիմութեան պոյքոթը
Լարումին միւս առանցքը Հոկտեմբեր 2-ին իշխանութեան կողմէ նախաձեռնուած՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը ուսումնասիրող ԱԺ քննիչ յանձնաժողովն էր, զոր պիտի ղեկավարէ ՔՊ-ական երեսփոխան Արման Եղոյեանը։ Ընդդիմադիրները այս քայլը կը նկատեն պետութեան կողմէ ուղղակի միջամտութիւն եկեղեցւոյ գործերուն՝ յիշեցնելով, որ պետութիւնն ու եկեղեցին անջատ են։ Ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները յայտարարեցին, որ պիտի լքեն նիստերու դահլիճը եւ պիտի չմասնակցին այս յանձնաժողովի կազմի հաստատման քննարկումներուն ու քուէարկութեան։
Փոխադարձ վիրաւորանքներ եւ քաշքշուք
Այս օրակարգերու քննարկումները արագօրէն վերածուեցան լեզուակռիւի եւ ֆիզիքական քաշքշուքի, ինչ որ ստիպեց ԱԺ նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը երկու անգամ ընդմիջում յայտարարելու։
Իրավիճակը սկսաւ լարուիլ, երբ «Ուժեղ Հայաստան»-ի քարտուղար Տիգրան Աբրահամեան հեգնեց, թէ պէտք է պարզել արդեօք Պաշտպանութեան նախարարը «ֆէ՞յք» է, ինչին ի պատասխան Ռուբինեան հակադարձեց՝ ծաղրելով ընդդիմութեան վարչապետի թեկնածու Սամուէլ Կարապետեանը։ Աւելի ուշ, Ռուբինեան անջատեց ընդդիմադիր Էդգար Ղազարեանի խօսափողը՝ զայն մեղադրելով օրակարգէն շեղելով, երբ վերջինս կոչ կ՚ընէր երեսփոխաններուն չծախսելու իրենց տրուած պարգեւավճարները։ Այս դէպքէն ետք դահլիճին մէջ սկսաւ առաջին քաշքշուքը։
Կիրքերը կրկին բորբոքեցան, երբ ՔՊ-ական երեսփոխան Տարօն Չախոյեան եկեղեցւոյ վերաբերեալ իր ելոյթին մէջ վաշխառութեամբ մեղադրեց Ամենայն հայոց կաթողիկոսը՝ զայն անուանելով իր աշխարհիկ անունով («Կտրիճ Ներսիսեան»)։ Ասոր յաջորդեցին ընդդիմադիրներու կողմէ սեղաններուն հարուածելն ու նոր աղմուկը, ուր հնչեցին փոխադարձ վիրաւորանքներ (ներառեալ՝ «աղբ» արտայայտութիւնը)։ Ռուբինեան խստօրէն զգուշացուց երեսփոխանները՝ պահանջելով զսպել յոյզերը եւ բացառել ֆիզիքական որեւէ բախում։
