Փարիզի մէջ համերգ՝ Կարպիս Ափրիկեանի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով

GA

Ֆրանսահայ երգահան եւ խմբավար Կարպիս Ափրիկեանի ծննդեան հարիւրամեակը պիտի նշուի յատուկ համերգով մը, այսօր՝ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16-ին, Փարիզի «Գորթօ» սրահին մէջ։ 2024-ին մահացած երաժիշտը Հոկտեմբեր 6-ին պիտի բոլորէր իր ծննդեան 100-ամեակը։

1926-ին Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքը ծնած Կարպիս Ափրիկեան մեծցած է տեղւոյն հայկական համայնքի ծոցին մէջ եւ վաղ տարիքէն նուիրուած երաժշտութեան։ Իր ծննդավայրին մէջ հայկական երգչախումբ մը հիմնելէ եւ ղեկավարելէ ետք, 1953-ին հաստատուած է Փարիզ՝ ուսումը շարունակելու Երաժշտութեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ (École normale de musique)։ Ան հետեւած է նաեւ նշանաւոր երգահան Օլիվիէ Մեսիանի դասընթացքներուն՝ Փարիզի երաժշտանոցին մէջ։

Նոյն տարին Ափրիկեան ստանձնած է «Սիփան-Կոմիտաս» միացեալ հայկական երգչախումբերուն ղեկավարութիւնը՝ տասնամեակներ շարունակ իր անունը կապելով անոնց գործունէութեան։ Իր ղեկավարութեամբ՝ Կոմիտասի եւ հայ այլ երգահաններու ստեղծագործութիւնները լայն ճանաչում գտած են Ֆրանսայի մէջ։

Ափրիկեանի սեփական ստեղծագործութիւններն ալ կը կրեն հայկական երաժշտական ժառանգութեան խոր դրոշմը։ Ան յաջողած է հայկական ժողովրդական երաժշտութեան աւանդութիւններն ու արեւմտեան արդի երաժշտութեան արտայայտչաձեւերը ներդաշնակել՝ ստեղծելով ինքնուրոյն երաժշտական աշխարհ մը։

Ափրիկեանի ստեղծագործութիւններուն նուիրուած յայտագիր

Յիշատակի համերգին հանդէս պիտի գան մեցցօ-սոփրանօ Էվա Զայչիք, ջութակահար Դաւիթ Յարութիւնեան եւ դաշնակահարուհի Քսենիա Մալիարեւիչ, որոնք արդէն միասին աշխատած են Ափրիկեանի ստեղծագործութիւններուն նուիրուած «Մայրիկ» երաժշտական ծրագրին վրայ։

Յայտագիրը պիտի ընդգրկէ երգահանին «Հայկական գիշերներ», «Աբեղան» եւ «Հարսանեկան փոքրիկ սուիթ» ստեղծագործութիւններէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ Կոմիտասի եւ Յակոբ Աղաբաբի գործեր։

Երեկոյթին ելոյթ պիտի ունենան նաեւ երիտասարդ երաժիշտներ։ Ափրիկեանի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով հաստատուած կրթաթոշակի դափնեկիրներ Քրիսթիան Մոնթի եւ Միա Մալեզիա պիտի ներկայացնեն «Սասունցի Դաւիթի ծնունդը» ստեղծագործութենէն իրենց մշակած հատուածները՝ պաս երգիչ Սթանիսլաս տը լա Վերնյի մասնակցութեամբ։

Կարպիս Ափրիկեան մահացած է 2024 Հոկտեմբեր 15-ին, 98 տարեկանին։ Մահէն քանի մը շաբաթ առաջ ան արժանացած էր Փարիզի քաղաքապետութեան «Կռան Վերմէյլ» բարձրագոյն շքանշանին՝ ի գնահատութիւն իր երկարամեայ երաժշտական վաստակին։

Փարիզի 9-րդ թաղամասին մէջ հրապարակ մը այժմ կը կրէ անունը անուանի երաժիշտին, որ իր կեանքին մեծագոյն մասը նուիրած էր Ֆրանսայի մէջ հայկական երաժշտութեան տարածման եւ արժեւորման։