Փարիզ copie

Ֆրանսայի մէջ՝ կրթական ու ընկերային պահանջներով սկսած ցոյցերուն զուգահեռ, թալան, հրկիզումներ եւ ծանր աւերածութիւններ

Ուսուցիչներու պակաս, լիսէներու անմխիթար վիճակ, կրթութեան անբաւարար յատկացումներ, կեանքի սղութիւն եւ ընկերային անհաւասարութիւններ։ Ահա՛ այն պահանջները, որոնց շուրջ սկսած բողոքի շարժումը Հոկտեմբեր 17-ին հարիւրհազարաւոր մարդիկ փողոց իջեցուց Ֆրանսայի մէջ։ Սակայն օրինական դժգոհութեան այս ալիքը բազմաթիւ քաղաքներու մէջ շուքի տակ մնաց անսանձ բռնութիւններու, կողոպուտներու եւ աւերածութիւններու պատճառով՝ պարզելով պատկերներ, որոնք առաւելաբար քաղաքային խռովութիւններ կը յիշեցնէին, քան ընկերային պահանջատիրութիւն։

Իշխանութիւններու տուեալներով՝ շուրջ 550 հազար հոգի մասնակցած է երկրին տարածքին կազմակերպուած 110 ցոյցերու, մինչ կազմակերպիչները մասնակիցներուն թիւը կը գնահատեն 800 հազար։ Միայն Փարիզի մէջ արձանագրուած է շուրջ 110 հազար ցուցարար։

Թէեւ հաւաքներուն մեծ մասը խաղաղ ընթացաւ, անոնց զուգահեռ «գործող» դիմակաւոր եւ կազմակերպուած խմբաւորումներ («գործող»-ը՝ դիտմամբ չակերտներու մէջ, որովհետեւ այդ տարրերուն արարքները «գործ» կոչելն իսկ մեր կողմէ մեղանչում պիտի ըլլար) յարձակեցան ոստիկաններու, խանութներու եւ հանրային հաստատութիւններու վրայ՝ փողոցները վերածելով իսկական մարտադաշտերու։

Փարիզի մէջ ջարդուփշուր եղան ցուցափեղկեր, կողոպտուեցան խանութներ, հրկիզուեցան ինքնաշարժներ եւ փողոցային գոյք։ Մաժանթա պողոտան, մայրաքաղաքի առեւտրական բանուկ փողոցներէն մէկը, յայտնուեցաւ աւերարարներու ձեռքը։ Հագուստեղէնի, կօշիկի, հեռաձայնի եւ այլ վաճառատուներէ ապրանքներ յափշտակուեցան, մինչ ոստիկանութիւնը կը դժուարանար զսպելու միաժամանակ տարբեր վայրերու մէջ աւերող խմբաւորումները։

Բռնութիւնները չսահմանափակուեցան մայրաքաղաքով։ Լիմոժի մէջ հրկիզուեցաւ քաղաքի պատմական՝ 143-ամեայ քաղաքապետարանը։ Կրակը տարածուեցաւ մինչեւ տանիք, որուն մեծ մասը փլաւ վարի յարկերուն վրայ՝ գրեթէ ամբողջովին կործանելով շէնքը։ Լիոնի մէջ հրոյ ճարակ դարձաւ քաղաքի զբօսաշրջութեան գրասենեակը։ Մարսիլիոյ մէջ խուժան մը ներխուժեց քաղաքապետարան եւ վնասներ պատճառեց շէնքին։ Պորտոյի մէջ աւերուեցաւ Ժիրոնտի նահանգապետին պաշտօնական նստավայրը, մինչ առեւտրական կեդրոնական փողոցներուն վրայ բազմաթիւ խանութներ կողոպտուեցան։ «Տեքաթլոն» վաճառատան մէջ ծայր առած հրդեհը տարածուեցաւ ամբողջ շէնքին վրայ։

Նման տեսարաններ արձանագրուեցան Թուլուզի, Ռենի, Նիսի եւ այլ քաղաքներու մէջ։ Հանրային շէնքեր, առեւտրական հաստատութիւններ, ոստիկանական ինքնաշարժներ եւ քաղաքային սարքաւորումներ դարձան աւերարարներու թիրախ։

Վարչապետ Սեպասթիէն Լըքոռնիւի աւելի ուշ հրապարակած տուեալներով՝ շուրջ 1.200 հոգի ձերբակալուած է, իսկ վիրաւորուած ոստիկաններուն եւ զինուորական ոստիկաններուն թիւը անցած է 150-ը։

Նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն խստօրէն դատապարտեց բռնութիւնները՝ յայտարարելով, թէ հանրային հաստատութիւններու եւ վաճառատուներու վրայ յարձակողները, կողոպտողներն ու աւերարարները պիտի հետապնդուին եւ պատժուին։

Ներքին գործոց նախարար Լօռան Նիւնիէս բռնութիւններուն պատասխանատւութիւնը վերագրեց ծայրայեղ ձախակողմեան խմբաւորումներու եւ առիթէն օգտուող յանցագործներու։

Միւս կողմէ, ոստիկանական միջամտութիւններն ալ քննադատութեան առարկայ դարձան։ Սէն թ՚Էթիէնի մէջ 17-ամեայ ցուցարար մը կորսնցուցած է աջ ձեռքը՝ ոստիկանութեան արձակած նռնակի մը պայթումին հետեւանքով։ Դէպքին հանգամանքները պարզելու համար քննութիւն բացուած է։

Այս բոլորը կը պատահին շարժումի մը ծիրին մէջ, որ սկզբնապէս ծնունդ առած էր կրթական հաստատութիւններու վատթար պայմաններուն դէմ աշակերտական բողոքէն։ Երիտասարդները կը պահանջէին աւելի շատ ուսուցիչներ, ապահով ու պատշաճ դասարաններ եւ կրթութեան համար անհրաժեշտ միջոցներ։ Անոնց միացած էին ուսանողներ, արհեստակցական միութիւններու անդամներ եւ «Դեղին բաճկոններ» շարժման մասնակիցներ։

Սակայն ի՞նչ կապ ունին կրթութեան բարելաւման պահանջները խանութներու թալանին, քաղաքապետարաններու հրկիզման եւ հանրային ունեցուածքի ոչնչացման հետ։

Դժգոհութեան պատճառները կրնան արդարացի ըլլալ, բայց անոնք ո՛չ գողութիւնը կ՚արդարացնեն, ո՛չ ալ բռնութիւնը։ Դպրոցներու վատթար վիճակին դէմ պայքարիլը չի կրնար պատրուակ դառնալ ուրիշներու աշխատանքով ստեղծուածը կործանելու, վաճառականներու ապրուստի միջոցները ոչնչացնելու եւ պատմական շէնքերը հրկիզելու։

Եւ այս աւերածութիւններուն հաշիւը ի վերջոյ ո՞վ պիտի վճարէ։ Տուժած վաճառականնե՞րը, ապահովագրական ընկերութիւննե՞րը, հարկատունե՞րը։ Վաղը, հաւանաբար, դարձեալ քաղաքացիները պիտի կրեն հետեւանքները՝ ըլլայ տուրքերու, ըլլայ ապահովագրութեան սակերու հաւանական բարձրացման ճամբով։ Իսկ ո՞վ պիտի հատուցէ առօրեայ կեանքի անդորրին ահաւոր խանգարումը, ստեղծուած անապահովութեան մթնոլորտն ու այն վնասները, որոնք դրամով չեն չափուիր։

Ամէնէն ափսոսալին ալ այն է, որ նման արարքները կը խեղդեն խաղաղ ցուցարարներուն ձայնը՝ հանրային ուշադրութիւնը շեղելով բուն խնդիրներէն։ Ուսուցիչներու պակասին եւ կրթական հաստատութիւններու անմխիթար պայմաններուն մասին խօսելու փոխարէն՝ Ֆրանսա այժմ կը հաշուէ կողոպտուած խանութները, հրկիզուած շէնքերը եւ վիրաւորները։

Եւ այսպէս, կրթութեան ու ընկերային արդարութեան անունով սկսած բողոքի շարժումը շուքի տակ մնաց այն խառնակութեան, որուն առաջին զոհերէն եղան նոյնինքն խաղաղ ցուցարարներուն արդարացի պահանջները։