ԱՄՆ – «Հայաստան» հիմնադրամի հեռուստամարաթոնին՝ 7,5 միլիոն տոլար. Գիւմրին՝ ուշադրութեան առանցքին
ԱՄՆ-ու «Հայաստան» հիմնադրամի կազմակերպած 29-րդ տարեկան հեռուստամարաթոնը (téléthon), որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 26-ին՝ Գոհաբանութեան տօնին առիթով, արձանագրեց 7 միլիոն 510 հազար 376 տոլարի նուիրատւութեան խոստումներ։ Այս տարուան հանգանակութեան գլխաւոր նպատակներէն էր Գիւմրիի մէջ բնակարանաշինութեան եւ կրթամշակութային նոր ծրագրերու իրագործումը։
«Միասին կառուցենք վաղուան օրը» նշանաբանով կազմակերպուած չորս ժամ տեւած հեռուստամարաթոնին առանցքը Գիւմրիի քաղաքային զարգացման ծրագիրն էր։ Ան կը նախատեսէ երկու բնակելի շէնքերու կառուցում՝ ընդհանուր 48 բնակարաններով, մինչեւ 75 երեխայ ընդունելու կարելիութիւն ունեցող նախակրթարան մը, ինչպէս նաեւ ապագայ մշակութային կեդրոն մը՝ նուիրուած կրթութեան, համայնքային կեանքին եւ հայկական ժառանգութեան պահպանման։
Այս նախաձեռնութիւնը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի Գիւմրիի համար, ուր 1988 Դեկտեմբեր 7-ի աղէտալի երկրաշարժէն 38 տարի ետք հազարաւոր ընտանիքներ տակաւին կը բնակին առժամեայ տնակներու մէջ։ Տեղական կազմակերպութիւններու տուեալներով՝ քաղաքին մէջ շուրջ 2500 ընտանիք կը շարունակէ ապրիլ այս դժուարին պայմաններուն տակ։ Անոնցմէ շատեր կը պատկանին բնակչութեան ամէնէն անապահով խաւերուն եւ ընդգրկուած չեն պետական բնակարանային ծրագրերուն մէջ։
Հեռուստամարաթոնը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ իրականացուող աւելի քան երկու տասնեակ ծրագրերու՝ բնակարանաշինութեան, կրթութեան, մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ համայնքային զարգացման մարզերէն ներս։
“Իւրաքանչիւր նուիրատւութիւն ներդրում մըն է Հայաստանի ապագային մէջ”,– յայտարարեց «Հայաստան» հիմնադրամի ամերիկեան կառոյցի նախագահ Մարիա Մեհրանեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով աշխարհասփիւռ նուիրատուներուն։
Շուրջ երեք տասնամեակէ ի վեր Լոս Անճըլըսէն հեռարձակուող այս հեռուստամարաթոնը կը շարունակէ համախմբել ամերիկահայութիւնն ու Սփիւռքի տարբեր համայնքները՝ Հայաստանի վերականգնման եւ զարգացման ծրագրերուն աջակցելու նպատակով։

