Հայաստան եւ Թուրքիա համաձայնած են ուսանողական փոխանակումներու շուրջ

ՀՀ-Թուրքիա ուսանող

Հայաստան եւ Թուրքիա համաձայնութիւն գոյացուցած են ուսանողական փոխանակումներու շուրջ։ Այս մասին Հանրային հեռատեսիլէն յայտարարած է Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահագն Ալեքսանեան։

“Սահմանը փակ է, բայց մենք համաձայնութեան հասած ենք ակադեմական փոխանակումներու շուրջ։ Հայաստանէն ուսանողներ Թուրքիա պիտի երթան ուսանելու, իսկ Թուրքիայէն ուսանողներ Հայաստան պիտի գան”,– ըսած է Ալեքսանեան։

Յիշեցնենք, որ 2025 Սեպտեմբեր 12-ին Երեւանի մէջ կայացած հանդիպումին, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սերտար Քըլըչ համաձայնած էին զարգացնել մշակութային եւ ակադեմական գործակցութիւնը, մասնաւորաբար բարձրագոյն ուսման հետեւող ուսանողներուն համար կրթաթոշակներու կարելիութիւններ ստեղծելով։

Առայժմ յայտնի չէ, թէ ուսանողական փոխանակումները ե՛րբ պիտի սկսին, ո՛ր համալսարանները պիտի մասնակցին ծրագրին եւ ի՛նչ պայմաններով պիտի տրամադրուին կրթաթոշակները։