Լըքոռնիւ կը դիմէ մասնակի պարէտային ժամերու

Լըքոռնիւ-2226002339

Ֆրանսայի վարչապետ Սեպասթիէն Լըքոռնիւ Հոկտեմբեր 19-ին յայտարարեց, թէ տեղական իշխանութիւններէն պահանջած է նոյն իրիկուընէ սկսեալ որոշ քաղաքներու կամ թաղամասերու մէջ մասնակի պարէտային ժամ հաստատել՝ նոր բռնութիւններն ու կողոպուտները կանխելու նպատակով։

“Անկարելի է ամբողջ Փարիզը պարէտային ժամու ենթարկել։ Այս միջոցները պէտք է ըլլան տեղական եւ սահմանափակ”,– շեշտած է վարչապետը՝ յայտնելով, որ անհրաժեշտութեան պարագային կառավարութիւնը կրնայ նաեւ արտակարգ դրութիւն հռչակել։

Լըքոռնիւ չէ յստակացուցած, թէ ո՛ր քաղաքներուն մէջ եւ ի՛նչ ժամերու պիտի կիրարկուին սահմանափակումները։ Ան շեշտած է, որ ներկայիս կը նախընտրէ նպատակային միջոցներու դիմել՝ ամբողջ երկրին վրայ տարածուող արգելքներ հաստատելու փոխարէն։