Լարիսա Սաֆարեան՝ դիւրաբեկութենէն ծաղկող արուեստը

Լարիսա Սաֆարեան՝ դիւրաբեկութենէն ծաղկող արուեստը

Larisa Safaryan – Courtesy of the artist and Jakobson Gallery, Paris

Փարիզի Վոժի հրապարակին վրայ գտնուող «Jakobson Gallery» ցուցասրահը մինչեւ Հոկտեմբեր 31 կը հիւրընկալէ հայ արուեստագիտուհի Լարիսա Սաֆարեանի ստեղծագործութիւնները։ Ցուցահանդէսը, որ արուեստագիտուհիին կայքէջին վրայ կը կրէ Fragments de Lumière («Լոյսի բեկորներ»), իսկ ցուցասրահին յայտագիրին մէջ՝ Life in Bloom («Ծաղկող կեանք») խորագիրը, կը համախմբէ բնութենէն, լոյսէն եւ կեանքի յարատեւ վերանորոգումէն ներշնչուած գեղանկարներ ու քանդակներ։

Երեւան ծնած եւ այժմ Լոս Անճըլըս հաստատուած Լարիսա Սաֆարեան ինքնատիպ արուեստ մը մշակած է, որուն գլխաւոր նիւթերէն մէկը հաւկիթի կեղեւն է։ Զայն մանր կտորներու վերածելով, ներկելով եւ ապա ձեռքով իրարու միացնելով՝ արուեստագիտուհին կը ստեղծէ նրբակերտ յօրինուածքներ, ուր կը յայտնուին բուսական պատկերներ, բնանկարներ եւ գոյներու հարուստ երանգներ։ Այսպէս, սովորաբար թափուող ու անպէտ համարուող նիւթ մը անոր ձեռքերուն մէջ կը վերածուի արուեստի գործի՝ արտայայտելով դիւրաբեկութեան, փոփոխութեան եւ վերածնունդի խորհուրդը։

Փայտաքանդակագործ Նայիրի Սաֆարեանի դուստրը՝ Լարիսա մանկութենէն իսկ ծանօթացած է նիւթերուն հետ աշխատելու արուեստին։ Ստեղծագործական այդ մթնոլորտին մէջ մեծնալը իր հետքը ձգած է անոր գործերուն վրայ, որոնց պատրաստութիւնը կը պահանջէ բացառիկ ճշգրտութիւն, համբերութիւն եւ մանրամասնութիւններու հանդէպ ուշադրութիւն։ Անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ յաճախ կ՚արծարծուին վերածնունդի, ժամանակի անցումին եւ բնութեան յաւերժական շրջափուլերուն թեմաները։

Փարիզի պատմական Մարէ թաղամասին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսը կը բացայայտէ նաեւ մշակութային յիշատակներն ու անձնական ապրումները, որոնք կը սնուցանեն Սաֆարեանի արուեստը։ Հոկտեմբեր 17-ին պատկերասրահը կազմակերպած էր արուեստագիտուհիին հետ հանդիպում մը, որուն ընթացքին այցելուներուն առաջարկուած էր նաեւ խոհարարական ինքնատիպ փորձառութիւն մը՝ ներշնչուած անոր գործերուն գոյներէն եւ ձեւերէն։

Ֆրանսայի մէջ «Jakobson Gallery» ցուցասրահին կողմէ ներկայացուող Լարիսա Սաֆարեան միաժամանակ կը շարունակէ իր միջազգային ստեղծագործական ուղին։ Այս տարի անոր գործերը ցուցադրուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ ժամանակակից արուեստի քանի մը տօնավաճառներու, ինչպէս նաեւ Սէն-Թրոփէի նշանաւոր «Hôtel de Paris» պանդոկին մէջ։

Ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ Հոկտեմբեր 31՝ Փարիզի 4-րդ թաղամասին մէջ, Վոժի հրապարակ, թիւ 28 հասցէին։