Հայաստանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի ֆրանսալեզու հաւաքածոները պիտի ներկայացուին Տէսինի մէջ

affiche CNMA

Տէսին-Շարփիէօյի Հայկական յիշողութեան ազգային կեդրոնը (CNMA) Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, երեկոյեան ժամը 7.30-ին պիտի հիւրընկալէ Երեւանի «Եղիշէ Չարենց» Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն Սիւզաննա Խոջամիրեանը։

Հանդիպումը նուիրուած է թանգարանի հարուստ հաւաքածոներուն եւ մասնաւորաբար անոր ֆրանսալեզու արխիւային նիւթերուն։

Երեկոյթի ընթացքին ներկաները առիթ պիտի ունենան ծանօթանալու թանգարանին մէջ պահպանուող գրական եւ գեղարուեստական ժառանգութեան մէկ մասին՝ ձեռագրերու, վաւերաթուղթերու եւ այլ նիւթերու ընդմէջէն բացայայտելով Հայաստանի եւ ֆրանսախօս աշխարհին միջեւ դարերու ընթացքին հաստատուած մշակութային կապերը։

Հանդիպումը նաեւ առիթ պիտի հանդիսանայ երկու հաստատութիւններուն՝ Հայկական յիշողութեան ազգային կեդրոնին եւ Հայաստանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին միջեւ համագործակցութեան համաձայնագրի ստորագրութեան։ Այս փաստաթուղթը կը միտի զարգացնել փոխադարձ կապերը եւ հիմք ստեղծել հասարակաց մշակութային ու գիտական ծրագրերու իրականացման։

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Հայկական յիշողութեան ազգային կեդրոնի սրահին մէջ, Տէսին-Շարփիէօ, 24 Ապրիլ 1915 փողոց, թիւ 32 հասցէին։

Մուտքը ազատ է։