Ազերպայճանի հետ գլխաշորի վէճին հետեւանքով՝ Էրտողանի գլխաւոր խորհրդականը հեռացուած է պաշտօնէն
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւոր խորհրդական Օքթայ Սարալ հեռացուած է իր պաշտօնէն՝ Ազերպայճանի դպրոցներուն մէջ գլխաշորի գործածութեան սահմանափակումները քննադատելէ եւ Պաքուի իշխանութիւններուն դժգոհութեան պատճառ դառնալէ ետք։
Թրքական «Նեֆէս» թերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին Սարալ հաստատած է, թէ որոշումը կայացուած է նախագահ Էրտողանի կողմէ եւ իրեն հաղորդուած՝ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24-ին։ Ան բնական նկատած է նման որոշումներու կայացումը՝ յատկապէս Ազերպայճանի հետ Թուրքիոյ ռազմավարական յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը շեշտելով։
Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26-ին, Սարալ գրաւոր յայտարարութեամբ մը տեղեկացուցած է, թէ իր հրաժարականը ներկայացուցած է 2016-էն ի վեր վարած պաշտօնէն։ Ան ընդգծած է, թէ պաշտօններն ու տիտղոսները ժամանակաւոր են, մինչդեռ սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալը էական է։ Միաժամանակ հաւաստած է, թէ պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Էրտողանին։ Թուրքիոյ նախագահութիւնը պաշտօնական բացատրութիւն չէ տուած խորհրդականին հեռացման պատճառներուն մասին։
Վէճը ծագած էր Ազերպայճանի դպրոցներուն մէջ աշակերտներու եւ ուսուցիչներու հագուստին վերաբերող նոր կանոններու հաստատումէն ետք։ Ըստ այդ կանոններուն, արգիլուած է դպրոցական համազգեստին միօրինակութիւնը խախտող եւ աշխարհիկ կրթութեան սկզբունքին անհամապատասխան նկատուող յաւելեալ հագուստներու գործածութիւնը։ Այս սահմանափակումները բողոքի ալիք յառաջացուցած էին Թուրքիոյ կրօնական եւ պահպանողական շրջանակներուն մէջ։
Հոկտեմբեր 12-ին Սարալ X ընկերային ցանցին վրայ քննադատած էր Պաքուի որոշումը՝ անընդունելի նկատելով գլխաշոր կրող աշակերտուհիներուն կրթութեան իրաւունքին խոչընդոտումը եւ պահանջելով վերատեսութեան ենթարկել սահմանափակումները։
Թուրքիայէն հնչած քննադատութիւններուն ի պատասխան՝ Ազերպայճանի իշխանութիւնները արգիլած էին 31 թուրք քաղաքացիներու մուտքը երկիր։ Անոնց շարքին կը գտնուին «Ենիտէն Ռեֆահ» կուսակցութեան նախագահ Ֆաթիհ Էրպաքան եւ DEM կուսակցութեան երեսփոխան Էօմէր Ֆարուք Կերկերլիօղլու։ Պաքու յայտարարած էր, թէ որոշումը կայացուած է Ազերպայճանի գերիշխանութեան, սահմանադրական կարգերուն եւ ազգային ապահովութեան դէմ ուղղուած, ինչպէս նաեւ կրօնական ատելութիւն հրահրող արտայայտութիւններուն պատճառով։
Սարալի պաշտօնէն հեռացումը քննադատած է Ֆաթիհ Էրպաքան, որ նախագահ Էրտողանը մեղադրած է իր գլխաւոր խորհրդականը զոհաբերելով՝ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պահանջին ընդառաջելով։ Սակայն Պաքուի կողմէ Սարալի հեռացման պահանջին մասին պաշտօնական հաստատում չկայ։
