Խորհրդարանի ծեծկռտուքէն ետք՝ Փաշինեան կ՚արդարացնէ իր կուսակիցներուն արարքները
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 29-ին, Ազգային ժողովին մէջ իշխանութեան եւ ընդդիմադիր երեսփոխաններուն միջեւ տեղի ունեցած ծեծկռտուքէն ետք, յայտարարած է, թէ կը դատապարտէ բռնութիւնը, սակայն միաժամանակ կ՚ողջունէ եւ կ՚արդարացնէ իր կուսակիցներուն արարքները։
Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին վարչապետը բախումներուն ամբողջ պատասխանատւութիւնը վերագրած է ընդդիմութեան՝ պնդելով, թէ ընդդիմադիր ըլլալը իրաւունք չի տար լկտի վարուելու։
“Աթոռով ըլլայ թէ ուրիշ միջոցով՝ համարժէք է եւ ճիշդ”,– յայտարարած է Փաշինեան՝ պաշտպանելով «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխանները։
Նախապէս, ընկերային ցանցերու վրայ կատարած հրապարակումով մը, ան հեգնած էր ընդդիմադիրները. “Կը կարծէի, թէ գոնէ մարմնապէս ուժեղ էին։ Պարզուեցաւ՝ ո՛չ”։
Յիշեցնենք, որ ծեծկռտուքը ծագած էր իշխանութեան երեսփոխան Տարօն Չախոյեանի ելոյթին ընթացքին, երբ վերջինս անդրադարձած էր ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեանի ընտանիքի անդամներուն։ Փոխադարձ վիրաւորանքները վերածուած էին բռունցքներով ու ոտքերով հարուածներու։ Բախումներուն ընթացքին Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահագն Ալեքսանեան նոյնիսկ աթոռ մը նետած էր ընդդիմադիր երեսփոխաններուն ուղղութեամբ։ Վիրաւորներ ալ եղած էին։
Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան միջադէպին պատասխանատուն նկատած էր Նարեկ Կարապետեանը, մինչ ընդդիմադիրները զինք մեղադրած էին վէճին սաստկացումը ժամանակին չկանխելու համար։
Փաշինեանի հեգնական հրապարակումին արձագանգած են նաեւ Ռուբինեան եւ Չախոյեան։ Առաջինը գրած է. “Ես ալ շատ յուսախաբ եղայ”, իսկ երկրորդը կատակած է, թէ ընդդիմադիրները “նոյնիսկ կռիւ սկսելու պահուն կը փախչին”։
Ամօթը՝ ժողովուրդին վզին…
Մինչ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները, ամօթի դոյզն նշոյլն իսկ ցոյց չտալով, կը շարունակեն իրարու վրայ բարդել պատահածին պատասխանատւութիւնը, խորհրդարանական ծեծկռտուքին տեսարանները Հայաստանի սահմաններէն անդին կը տարածուին՝ լրասփիւռներու եւ ընկերային ցանցերու միջոցով։
Եւ այսպէս, բռունցքներով, աթոռներով ու փոխադարձ վիրաւորանքներով աշխարհի աչքին առջեւ կ՚արատաւորուի պատկերը Հայաստանի՝ երկրի մը, որ կը հպարտանայ ժողովրդավարութեան ճամբուն վրայ իր արձանագրած յառաջընթացով։
Սակայն ամէնէն ցաւալին թերեւս այն է, որ այս խայտառակութեան հեղինակները, իրենց արարքներէն ամչնալու փոխարէն, զանոնք արդարացնելու եւ նոյնիսկ ծաղրի վերածելու ելած են։
Իսկ պարզ հայ քաղաքացին, որուն անունով կը խօսին ու կը գործեն անոնք, կարծէք առանձին մնացած է կրելու ամօթի ամբողջ ծանրութիւնը։
Որովհետեւ երբ ժողովուրդի ընտրեալները կը կորսնցնեն ամչնալու զգացումը, անոնց փոխարէն ամչնալը կը մնայ ժողովուրդին…
