Կարէն Ասլանեան աշխարհի ախոյեան՝ ազերպայճանցի մրցակցին դէմ յաղթանակով

Կարէն Ասլանեան

Հայ ըմբիշ Կարէն Ասլանեան առաջին անգամ ըլլալով նուաճած է աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը՝ Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան ընթացքին։

Հոկտեմբեր 27-ին, 63 քկ. դասակարգի աւարտական գօտեմարտին, 31-ամեայ հայ մարզիկը 8-4 հաշուով պարտութեան մատնած է ազերպայճանցի Նիհաթ Մամատլին, որ աշխարհի նախկին ախոյեան եւ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան է։

Գօտեմարտը սկսած է չափազանց արագ ու լարուած։ Մամատլի առաջին իսկ վայրկեաններուն յաջողած է չորս կէտ շահիլ, սակայն Ասլանեան անմիջապէս հակադարձած է՝ յաջորդական հնարքներով նախ կրճատելով տարբերութիւնը, ապա չորս կէտանոց տպաւորիչ նետումով հաշիւը դարձնելով 7-4՝ ի նպաստ իրեն։

Երկրորդ շրջանին հայ ըմբիշը յաջողած է պահպանել իր առաւելութիւնը՝ մրցակցին թոյլ չտալով նոր կէտեր շահիլ։ Ասլանեան իր հաշիւին վրայ կէտ մը եւս աւելցուցած է՝ Մամատլին մրցագորգի սահմանէն դուրս մղելով, եւ գօտեմարտը աւարտած 8-4 յաղթանակով։

Մինչեւ աւարտական հանգրուան հասնիլը Ասլանեան չորս յաղթանակ տարած էր՝ բոլորն ալ բացայայտ առաւելութեամբ։ Ան նախապէս աշխարհի առաջնութեան պրոնզէ մետալակիր եւ Եւրոպայի փոխախոյեան էր, սակայն առաջին անգամն էր, որ աշխարհի առաջնութեան աւարտական գօտեմարտին կը մասնակցէր։

Յաղթանակէն ետք Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Բաբալարեան խանդավառութեամբ մրցագորգ վազած է եւ ըմբշամարտի հնարքով մը տօնած իր սանին յաջողութիւնը։ Ասլանեան ապա հայկական եռագոյնով կատարած է ախոյեանի պատուոյ պտոյտը՝ Բաբալարեանի եւ իր անձնական մարզիչ Սամուէլ Գէորգեանի ընկերակցութեամբ։

Այս յաղթանակով Ասլանեան իր մարզական ասպարէզին առաջին աշխարհի ոսկեայ մետալը կը բերէ Հայաստան։