Քրեմլին դրական կ՚արտայայտուի Թրքախօս պետութիւններու կազմակերպութեան Ռուսաստանի մասնակցութեան մասին

Թրքախօս

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով Նոյեմբեր 2-ին յայտարարած է, թէ Ռուսաստանի մասնակցութիւնը Թրքախօս պետութիւններու կազմակերպութեան աշխատանքներուն տրամաբանական եւ բնական պիտի ըլլար։

Ան այսպէս արձագանգած է Ղազախստանի նախագահ Քասըմ-Ժոմարթ Թոքաեւի առաջարկին, զոր ներկայացուած էր Հոկտեմբեր 30-ին, Կազմակերպութեան Անգարայի մէջ կայացած 13-րդ վեհաժողովին։

Թոքաեւ առաջարկած էր Ռուսաստանի կարելիութիւն ընձեռել մասնակցելու Կազմակերպութեան աշխատանքներուն՝ իբրեւ դէտ կամ «OTS+» գործակցութեան ձեւաչափով։ Ան յիշեցուցած էր Ռուսաստանի եւ թրքական աշխարհին դարաւոր կապերը, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի տարածքին թրքական ծագումով բազմաթիւ ժողովուրդներու ներկայութիւնը։

Իր կարգին, Փեսքով ընդգծած է, որ խօսքը Ռուսաստանի ամբողջութեան մասնակցութեան մասին է, այլ ոչ թէ անոր առանձին շրջաններուն։ Ան միաժամանակ յայտնած է, թէ Մոսկուա տակաւին պաշտօնական հրաւէր չէ ստացած, սակայն հարցը կրնայ քննարկուիլ Ղազախստանի իշխանութիւններուն հետ յառաջիկայ շփումներուն ընթացքին։

Այսպէսով, Ռուսաստանի մասնակցութեան հարցը առաջին անգամ յստակօրէն դրուած է Կազմակերպութեան վեհաժողովին, եւ Քրեմլին դրական արձագանգած է անոր։ Սակայն առայժմ որեւէ պաշտօնական որոշում չէ կայացուած Ռուսաստանի անդամակցութեան կամ դէտի կարգավիճակի շնորհման վերաբերեալ։