Ստեփանաւանի ընդդիմադիր թեկնածու Արսէն Գէորգեան մահացած է բանտին մէջ
Մահուան հանգամանքները պարզելու համար քրէական քննութիւն բացուած է
Ստեփանաւանի տեղական ընտրութիւններուն «Ուժեղ Հայաստան» ընդդիմադիր կուսակցութեան թեկնածու 46-ամեայ Արսէն Գէորգեան մահացած է Նոյեմբեր 10-ի առաւօտեան, Երեւանի «Նուբարաշէն» բանտին մէջ, ուր կալանաւորուած էր Հոկտեմբեր 21-էն ի վեր։
Մահուան առնչութեամբ Հայաստանի Քննչական կոմիտէն քրէական քննութիւն սկսած է եւ դատաբժշկական փորձաքննութիւն նշանակած։ Կոմիտէն, սակայն, չէ յայտնած, թէ Քրէական օրէնսգիրքի ո՛ր յօդուածին համաձայն բացուած է քննութիւնը։
Քրէակատարողական ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Գէորգեանի առողջական վիճակը վատթարացած է վաղ առաւօտեան։ Հերթապահ հիւանդապահը անոր առաջին օգնութիւն ցուցաբերած է, ապա կանչուած է շտապօգնութիւն։ Սակայն, քիչ անց, բժշկական կազմը հաստատած է անոր մահը։ Նոյն ծառայութիւնը յայտնած է, թէ Գէորգեան կալանքի ընթացքին առողջական գանգատներ չէր ներկայացուցած։
Ըստ անոր հարազատներու հաղորդած տեղեկութիւններուն՝ մահը սրտի կաթուածի հետեւանք է։ Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան իր կարգին յայտնած է նոյն պատճառը, սակայն այս մասին դատաբժշկական վերջնական եզրակացութիւն տակաւին չէ հրապարակուած։
Մարդկային իրաւանց պաշտպանի գրասենեակն ալ առանձին ուսումնասիրութիւն սկսած է՝ յայտնելով, որ համապատասխան պետական մարմիններէն բացատրութիւն պիտի պահանջեն։ Պաշտպանը յիշեցուցած է, թէ կալանաւորուած անձերու կեանքի եւ առողջութեան պաշտպանութիւնը պետութեան պատասխանատւութիւնն է։
Գէորգեան ձերբակալուած էր Հոկտեմբեր 25-ի տեղական ընտրութիւններէն չորս օր առաջ՝ ընտրակաշառք բաժնելու մեղադրանքով։ Հակակոռուպցիոն (Եղծանման դէմ պայքարի) կոմիտէն կը պնդէր, թէ ան եւ իր գործակիցները տասնեակ ընտրողներու դրամ առաջարկած կամ տրամադրած էին՝ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան ի նպաստ քուէարկելու համար։ Գէորգեան չէր ընդուներ իրեն ուղղուած մեղադրանքը։ Հակակոռուպցիոն դատարանը որոշած էր զայն երկու ամիս կալանքի տակ պահել։
