Սուրիոյ նախագահ Ահմետ ալ-Շարաա ստորագրած է հրամանագիր մը՝ ուղղուած Սուրիոյ մէջ քրտական համայնքի իրաւունքներու պաշտպանութեան, ներառեալ՝ ցեղային եւ լեզուական խտրականութեան բացառումը։

Հրամանագիրը ստորագրուած է քրտական ուժերու եւ Դամասկոսի միջեւ վերսկսած բախումներու լոյսին տակ։

«X» ընկերային հարթակին վրայ հրապարակուած տեսանիւթի մը մէջ, Սուրիոյ նախագահը ուղերձով կը դիմէ քիւրտ բնակչութեան՝ նշելով, որ հրամանագիրը, որ պէտք է ամրագրուի օրէնքի բնագրին մէջ, կ՚երաշխաւորէ քիւրտերու՝ որպէս իրաւահաւասար քաղաքացիներու, իրաւունքները։ Ան նաեւ կոչ ըրած է տեղահանուած սուրիացի քիւրտերուն՝ վերադառնալու իրենց քաղաքներն ու գիւղերը՝ ընդգծելով, որ ատոր համար որեւէ նախապայման պիտի չըլլայ, բացի զէնքը վար դնելէ։

Հրամանագրի ամբողջական բնագրին համաձայն՝ քրտերէնը Սուրիոյ մէջ կը ճանչցուի որպէս ազգային լեզու, իսկ Նաւրուզը կը յայտարարուի ազգային տօն։

Բացի ատկէ, կը նախատեսուի Սուրիոյ քաղաքացիութիւն տրամադրել այն քիւրտերուն, որոնք զրկուած էին ատկէ 1962-ի վիճայարոյց մարդահամարին հետեւանքով։

Հրամանագրով նաեւ պետական հաստատութիւններուն կը պարտադրուի խթանել ներառական ազգային խօսոյթը եւ ապահովել բոլոր համայնքներու հաւասար իրաւունքները։