Կրէօնլանտ ժամանած են Եւրոպայէն առաջին զինուորականները

Եւրոպական երկիրներէն առաջին զինուորականները ժամանած են Կրէօնլանտ։

Ըստ գեր­մա­նական «Պիլտ»-ին՝ Ուա­շինկթը­նի մէջ Կրէօն­լանտի շուրջ բա­նակ­ցութիւննե­րու ապար­դիւն աւար­տէն ըն­դա­մէնը քանի մը ժամ ետք, գի­շերը Եւ­րո­պայէն Կրէօն­լանտ ժա­մանած են առա­ջին զի­նուո­րական­նե­րը։

Յու­նուար 14-ին Դա­նիոյ եւ Կրէօն­լանտի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար­նե­րը Սպի­տակ տան մէջ հան­դի­պում ու­նե­ցած էին ԱՄՆ-ու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար Մար­քօ Ռու­պիոյի եւ փոխ­նա­խագահ Ճէյ Տի Վեն­սի հետ։ Ըստ գերմանական թերթին, ինչպէս նաեւ այլ աղբիւրներու՝ կա­րելի չէ եղած ամե­րիկեան դիր­քո­րոշու­մը փո­խել տալ կղզիին հար­ցին շուրջ։ Ան­կէ ետք Եւ­րո­պայի քա­նի մը եր­կիրներ յայ­տա­րարած են հոն զի­նուո­րական­ներ ու­ղարկե­լու իրենց մտադ­րութեան մա­սին։

«Պիլտ»-ի հա­մաձայն՝ գի­շերը Կրէօն­լանտի մայ­րա­քաղաք Նուուք վայ­րէջք կա­տարած է դա­նիական բա­նակի «Hercules» սա­ւառ­նա­կը, որ կը փո­խադ­րէր զի­նուո­րական­ներ, նաեւ՝ Ֆրան­սա­յէն։ Մէկ այլ սա­ւառ­նակ վայ­րէջք կա­տարած է Քան­կերլու­սուաք։ Յու­նուար 15-ին ալ Գեր­մա­նիայէն ժա­մանած են առա­ջին 13 զի­նուոր­նե­րը։ Այս գոր­ծո­ղու­թիւնը կը հա­մակար­գուի ոչ թէ ՕԹԱՆ-ի շրջա­նակէն ներս, այլ՝ Քո­փըն­հա­կընէն։

Բա­ցի ատ­կէ, ըստ թեր­թին, Նե­տեր­լանտնե­րէն, Գա­նատա­յէն, Շուէտէն, Մեծն Բրի­տանիայէն եւ Նոր­վե­կիայէն եւս զի­նուո­րական­ներ ար­դէն ճամ­բայ ելած էին դէ­պի Կրէօն­լանտ։

Նա­խապէս, Թրամփ Դա­նիայէն պա­հան­ջած էր «հե­ռանալ» Կրէօն­լանտէն։ Ան կոչ ըրած էր ՕԹԱՆ-ին՝ օգ­նե­լու Ուա­շինկթը­նին, կղզիին տի­րանա­լու հա­մար։ Թրամ­փի կար­ծի­քով՝ հա­կառակ պա­րագա­յին խնդրոյ առարկայ տարածքը կրնայ Ռու­սաստա­նի կամ Չի­նաս­տա­նի ձեռ­քը իյ­նալ։

Սպիտակ տունը յայտարարած է, որ Կրէօն­լանտ եւ­րո­պական զօր­քեր ու­ղարկե­լը պի­տի չազ­դէ նա­խագահ Թրամ­փի կար­ծի­քին վրայ։

Մամ­լոյ քար­տուղար Քե­րոլայն Լե­ւիթ, ի տար­բե­րու­թիւն հակառակը պնդող լու­րե­րուն, յայտնած է, որ ԱՄՆ-ու պաշ­տօ­նեանե­րուն եւ Դա­նիոյ եւ Կրէօն­լանտի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն մի­ջեւ «հան­դի­պու­մը ար­դիւնա­ւէտ եղած է»։

ԱՄՆ նա­խագա­հը քա­նի մը ան­գամ յայ­տա­րարած է, որ Կրէօն­լանտը պէտք է պատ­կա­նի Միացեալ Նա­հանգնե­րուն եւ չէ բա­ցառած զայն ու­ժով ձեռք ան­ցը­նելու հա­ւանա­կանու­թիւնը։

*  *  *

Թրամփ սպառ­նա­ցած է մաք­սա­տուրքեր սահ­մա­նել այն եր­կիրնե­րուն դէմ, որոնք հա­մաձայն չեն Կրէօն­լանտի նկատ­մամբ Ուա­շինկթը­նի պա­հանջնե­րուն հետ։

“Ես կրնամ մաք­սա­տուրքեր սահ­մա­նել այն եր­կիրնե­րուն հա­մար, որոնք հա­մաձայն չեն, քա­նի որ Կրէօն­լանտը մե­զի անհրա­ժեշտ է ազ­գա­յին անվտան­գութեան հա­մար։ Այնպէս որ, ես կրնամ դիմել այդ քայլին”,– ըսած է ան։