Ֆիտան կը նշէ նաեւ, որ ան առաջատար է հարցախոյզներուն մէջ՝ առարկայ դառնալով հայաստանեան խորհրդարանական ընդդիմութեան քննադատութեան
Յունուար 14-ին, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, Պոլսոյ մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձած է Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան գործընթացին, TRIPP ծրագրի շրջանակին եւ 2026-ի Յունիսին կայանալիք Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Մեկնաբանելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դիրքորոշումը՝ Ֆիտան ըսած է. “Մենք կը տեսնենք, որ Փաշինեան ներկայիս առաջատար է հասարակական կարծիքի հարցախոյզներուն մէջ։ Մենք իսկապէս կը զօրակցինք այն կառուցողական դերին, որ ան կը խաղայ այս առումով։ Այս մօտեցումը, այս կամքը պէտք է շարունակուին”։
Ֆիտան յիշեցուցած է Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը՝ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) ծրագրի իրագործման վերաբերեալ, որ քննարկուած էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի՝ վերջերս Ուաշինկթըն կատարած այցելութեան ընթացքին։ Ան նշած է, որ կան նիւթին առնչուող թեքնիք հարցեր, զորս Թուրքիան եւ Ազերպայճանը նոյնպէս կ՚ուսումնասիրեն եւ որ ինք այդ հարցը քննարկած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամովի հետ։
Անդրադառնալով գործընթացէն Թուրքիոյ ակնկալիքներուն՝ Ֆիտան յայտարարած է. “Մենք կը սպասենք, որ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ նախաստորագրուած այս համաձայնագիրը ամբողջանայ ստորագրութեամ, եւ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը իրագործուի ըստ կարելւոյն շուտ, որպէսզի մենք կարենանք շարունակել մեր ուղին՝ տարածաշրջանին մէջ կայունութեամբ եւ բարգաւաճմամբ։ Ներկայիս այդ կամքը առկայ է Ազերպայճանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ քաղաքական ղեկավարութեան մօտ. երեք կողմերն ալ ունին այդ մտադրութիւնը, եւ կան միայն քանի մը բաներ, որ Հայաստան պէտք է ընէ”։
Ֆիտանի դիտարկումները Հայաստանի ընդդիմադիր շատ մը գործիչներու եւ լրասփիւռներու կողմէ մեկնաբանուած են որպէս Փաշինեանին ուղղուած աջակցութեան նշան եւ հաւանութիւն՝ այս տարուան Յունիս 7-ին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ։
“Թուրքիան կը միջամտէ Հայաստանի ներքաղաքական ու ընտրական հարցերուն, ինչպէս նաեւ ապագայ իշխանութիւններու ձեւաւորման”,– դիմագիրքեան իր էջին վրայ գրած է «Հայաստան» դաշինքի ընդդիմադիր երեսփոխան Գեղամ Մանուկեան։
