ՍՊԱՆԻԱ – Գորտոպայի մէջ գնացքներու բախում

Սպանիա

Առնուազն 39 մեռեալ, 170 վիրաւոր

Անտալուզիոյ Գորտոպա նահանգին մէջ Կիրակի, Յունուար 18-ի երեկոյեան երկու գնացքներ բախում ունեցած են, որու հետեւանքով առնուազն 39 հոգի մահացած է, շուրջ 170 հոգի ալ՝ վիրաւորուած։  Վիրաւորներէն  48-ը դեռ կը գտնուին հիւանդանոցը։ 

Դէպքը պատահած է երբ Մալակա-Մատրիտ երթուղիով ընթացող գնացքը դուրս ելած է գիծերէն եւ յայտնուած յարակից գիծերու վրայ, ուրկէ կ՚ընթանար Մատրիտէն Ուելվա մեկնող գնացքը։ Զոհերու եւ վիրաւորներու մեծ մասը եղած են Ուելվա ուղեւորուող գնացքի առջեւի վակոններուն մէջ։ Մասնագէտներ «շատ տարօրինակ» կ՚որակեն արկածին հանգամանքները։

Վարչապետ Փետրօ Սանչես այցելած է դէպքին վայրը եւ խոստացած պարզել պատճառները։

Սպանիոյ կառավարութիւնը եռօրեայ սուգ յայտարարած է։

Վարչապետ Փաշինեան ցաւակցական գիր յղած է Սպանիոյ իր պաշտօնակիցին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական գիր յղած է Սպանիոյ կվարչապետ Փետրօ Սանչեսին՝ այս ողբերգական պատահարին առթիւ։ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս իր ցաւակցութիւնները յայտնած է զոհերու ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթած՝ վիրաւորներուն։