Փաշինեան հրաժարական կը խոստանայ, եթէ ժողովուրդը մերժէ նոր Սահմանադրութիւնը

Փաշինեան

Ընդդիմութիւնը կը մերժէ անոր առաջարկը

Հայաստանի վարչապետը կը փորձէ ընդդիմութեան աջակցութիւնը ստանալ սահմանադրական հանրաքուէ կազմակերպելու համար, մինչ ընդդիմադիր խմբակցութիւնները նոր Սահմանադրութեան ընդունումը կը նկատեն Ազերպայճանի պահանջներուն ընդառաջում։

Վարչապետ Փաշինեան յայտարարած է, որ պատրաստ է հրաժարական տալու, եթէ ժողովուրդը հանրաքուէով մերժէ իր կառավարութեան առաջարկած նոր Սահմանադրութիւնը։

Նոյեմբեր 19-ին ներկայացուած եւ յաջորդ օրը Ազգային ժողովին մէջ կրկնուած առաջարկին համաձայն՝ մերժման պարագային Փաշինեան պիտի հրաժարի պաշտօնէն հանրաքուէի պաշտօնական արդիւնքներուն հրապարակումէն ետք մէկ շաբթուան ընթացքին։

Իսկ եթէ նոր Սահմանադրութիւնը ընդունուի, վարչապետը պիտի շարունակէ Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան հաստատման իր ծրագիրը՝ խոստանալով այլեւս վարչապետի թեկնածու չներկայանալ յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ ըլլան անոնք հերթական՝ 2031-ին, թէ արտահերթ։

Սակայն խորհրդարանական ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները՝ «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան», մերժած են առաջարկը՝ զայն նկատելով քաղաքական ծուղակ։

Իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը Ազգային ժողովին մէջ ունի 64 աթոռ, մինչ հանրաքուէ կազմակերպելու որոշումին համար անհրաժեշտ է առնուազն 70 ձայն։ Հետեւաբար, իշխանութիւնը պէտք ունի ընդդիմադիր առնուազն վեց երեսփոխանի աջակցութեան։

Վէճին գլխաւոր պատճառը Ազերպայճանի պահանջն է։ Պաքու կը պահանջէ փոխել Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ նախքան խաղաղութեան համաձայնագրին վերջնական ստորագրումը։ Ազերպայճանական իշխանութիւնները կը պնդեն, որ Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ 1990-ի Անկախութեան հռչակագրին կատարուած յղումը հողային պահանջներ կը պարունակէ։

Ընդդիմութիւնը կը դատապարտէ Ազերպայճանի ճնշման տակ սահմանադրական փոփոխութիւն կատարելու նախաձեռնութիւնը եւ կը մերժէ աջակցիլ հանրաքուէին։ Փաշինեան, իր կարգին, կը պնդէ, որ նոր Սահմանադրութեան անհրաժեշտութիւնը շատ աւելի կանուխ բարձրացուած է եւ կը ծառայէ խաղաղութիւնը անշրջելի դարձնելու նպատակին։

Քաղաքական այս փակուղիին դիմաց վարչապետը ակնարկած է արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու հնարաւորութեան։

Փաշինեանի յայտարարութեան համաձայն՝ Արդարադատութեան նախարարութիւնը նոր Սահմանադրութեան նախագիծը պիտի հրապարակէ Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23-ին, որմէ ետք վարչապետը ուղերձով պիտի դիմէ ժողովուրդին։

Cet article vous a été utile ?

Par votre abonnement ou votre don, vous pouvez aider à ce que les articles de « Nor Haratch » restent accessibles gratuitement.

Derrière chaque article, il y a des journalistes et des rédacteurs qui doivent recevoir la juste rémunération de leur travail.

Voir nos offres d'abonnement

Soutenez NH